Անցեալի Եւ Ներկայի Տեսիլքներու Իրականացում
Ռ. Ա.
ՔՋԱԿ-ը Քրիստոնէական ջանից ամառնային կեդրոն) Միջին Արեւելքի հայութեան համար ընդհանրապէս, հայ աւետարանականներուն համար յատկապէս, նաեւ ո՛չ հայ աւետարանականներու յիշողութեան մէջ իր յատուկ տեղը գրաւած է: Հոն տիրող քրիստոնավայել կեանքը մեծապէս նպաստած է մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու առողջ դաստիարակութեան:
Մինչեւ 1975-ի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը` ՔՋԱԿ-ի մէջ է, որ Աստուծոյ սիրով աճող երիտասարդներ հոգեւոր կեանքի նուիրուած են, շատ պարագաներու` կազմած են Քրիստոսի խօսքով սնանող ընտանիքներ:
Այս բոլորը սկսած է խումբ մը նուիրեալներու տեսիլքով:
1937-էն սկսեալ Ջանիցը համագումարներ կը կազմակերպէր Շուէյր գտնուող համագումարներու կեդրոնի տարածքին: Երկսեռ երիտասարդներ մեծ խանդավառութեամբ կու գային Սուրիայէն եւ Լիբանանէն` շաբաթ մը անցընելու, Աստուածաշունչի սերտողութիւն, դասախօսութիւն եւ տարբեր գործունէութիւններու ժամանակ տրամադրելով: Շուտով միութեան ղեկավարները նկատեցին, թէ ուսուցչաց, երիտասարդաց, պատանեաց եւ մանուկներու համագումարներէն ետք մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Իսկ Ջանից յատուկ կեդրոնի մը գոյութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէր, որ ամբողջ ամառնային արձակուրդի շրջանին կարելի ըլլար կազմակերպել տարբեր տարիքի խումբերու համագումարներ:
1949-ին Օգոստին Պետիր եւ խումբ մը ջանիցականներ կը գնեն Մոնթեվերտիի շրջանին մէջ գտնուող ներկայ ՔՋԱԿ-ի 20,000 քառ. մեթր հողատարածքը, որ 500 մեթր բարձր է ծովէն: Նոյն տարին, ձմրան, օր մը, խումբով ՔՋԱԿ կը բարձրանան 10 նուիրեալ ջանիցականներ` հոն տեղադրուած փայտէ խաչին շուրջ իրենց առաջին պաշտամունքը կատարելու:
Այսպէս, նախքան համապատասխան շէնքերու կառուցումը` վրաններու տակ համագումարները կը կազմակերպուին: Առանց որեւէ խտրութեան, գրեթէ բոպիկ եւ չքաւոր մանուկներ, «սննդակարօտ» անուանեալ խումբերով վրաններու տակ կը ստանան սնունդ եւ հագուստեղէն` քրիստոնէական դաստիարակութեան կողքին: Նաեւ կ՛ունենան ընկերային պահեր ու պտոյտներ:
Սննդակարօտներու այս խումբի տղաքը իրենց հացերը բարձերուն տակ կը պահէին` յաջորդ օրուան մտահոգութեամբ: Հետզհետէ գաղութին վիճակը կը բարելաւուի եւ «սննդակարօտները» կը փոխարինուին «օդակարօտներու» խումբերով:
Համագումարներու մասնակիցներ կու գան Հալէպէն, Եգիպտոսէն, Այնճարէն, ի հարկէ` Պէյրութէն եւ այլ երկիրներէ:
Սերունդներ կը փոխուին, նորեր կու գան, որոնք իրենց սէրն ու յոյզը կը կապեն Քրիստոնէական ջանից ընկերակցութեան, կը կոփուին ու կը դաստիարակուին իրենց երկրորդ տունը նկատուող ՔՋԱԿ-ի մէջ:
Այսօր նոր շունչով, նոր լիցքաւորումով եւ հաւատքով գործի լծուած են ՔՋԱԿ-ի առաքելութեան հաւատացողներ անցեալի տեսիլքի շարունակութիւնը ապահովելու համար: Այս տեսիլքները իրականացնելու համար անհրաժեշտ են մարդուժն ու նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը: Այսօր ալ խումբ մը ջանիցական պատասխանատուներու երազն է տեսնել ՔՋԱԿ-ը բարեկարգուած եւ գեղեցիկ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի՛ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կազմակերպել երիտասարդական, ուսուցչական կամ այլ համագումարներ:
Գործը սկսած է, կը մնայ շարունակել մինչեւ աւարտը` Աստուծոյ օգնութեամբ:
ՔՋԱԿ-ի վերանորոգման ծրագիրը սկսաւ 2003-ի գարնան, երբ վերջնականապէս ՔՋԱԿ-ի տարածքէն հեռացան զինուորական ուժեր: Նախնական աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացաւ մաքրութեան վրայ: Առաջին հերթին քանդուեցաւ եկեղեցիի մուտքին կառուցուած պատը, որմէ ետք, բնութիւնը պահպանելու համար, հարկադրուեցանք հականեխելու միջավայրը եւ յօտելու ծառերը: Առաջին հերթին կարելի եղաւ վերանորոգել ՔՋԱԿ-ի մուտքէն մինչեւ վերնատուն անցնող ճամբան, որ քանդուած էր օտար զօրքերու տեղակայութեան օրերուն: Երկրորդ` մատուռը նորոգուեցաւ այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլայ պաշտամունք ունենալ: Իսկ ներքեւի սենեակը կահաւորուեցաւ խոհանոցի համեստ սարքերով, որպէսզի կարելի ըլլայ այցելու խումբերը սնունդով մատակարարել: Երրորդ` 2004-ին նորոգուեցան երկու սենեակներ, ուր զետեղուեցաւ 12 անկողին` իւրաքանչիւր սենեակի մէջ: Այսպիսով, կարելի պիտի ըլլար 24 հոգինոց փոքր խումբեր հիւրընկալել ամրան ընթացքին: Չորրորդ` լուսաւորուեցաւ նաեւ ՔՋԱԿ-ի ներքին ճամբան: Հինգերորդ` փոքրիկներու խաղավայրով օժտուեցաւ ՔՋԱԿ-ը: Վեցերորդ ջուրի տակառները մաքրուեցան եւ վերադասաւորուեցան մաքուր ջուր ապահովելու համար: Եօթներորդ` տեղադրուեցաւ ելեկտրածին նոր սարք մը: Վերոյիշեալ նորոգութիւնները իրագործուեցան տեղական համեստ ուժերու ներդրումով:
2007-ին երկրաչափներու խումբ մը այցելեց ՔՋԱԿ: Այս ամերիկեան ընկերակցութիւնը EMI (Engineering Ministries International) կամաւոր կերպով ուսումնասիրեց ՔՋԱԿ-ի վերանորոգման կարիքները եւ ամբողջական ծրագիր մը մշակեց:
ՔՋԱԿ-ի վերանորոգման առաջին հանգրուանը ամբողջացաւ կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2010-ին: Մատուռի վերանորոգումն ու նուիրումը տեղի ունեցաւ 1 յուլիս 2012-ին, իսկ անկէ ետք նուիրումը կատարուեցաւ «Իզմիրլեան» եւ «Գասարճեան» մասնաշէնքերուն: Հայ աւետարանական եկեղեցիներու պատասխանատուները հանգանակութիւն կատարեցին եւ սեպտեմբեր 2013-էն ապրիլ 2014 աշխատանքի լծուեցան: Մեծ ու փոքր կամաւորներ խանդավառութեամբ հետեւեցան վերանորոգման գործին:
Շաբաթ, 3 մայիս 2014-ին, ժամը 5:00-ին (բացում-նուիրում) ամբողջացած կ՛ըլլայ ՔՋԱԿ-ի 70 առ հարիւրին նորոգութիւնը: Տակաւին շատ գործ կայ երիտասարդներու եւ կամաւոր աշխատողներու` ապագայ քրիստոնէական ջանքին եւ ազգակերտումին նպաստող այս հաւաքավայրի վերանորոգման համար:
Ըստ այս ծրագրին, ՔՋԱԿ-ը կարելիութիւն պիտի ունենայ 100-է աւելի անձեր ընդունելու նորակառոյց սենեակներու մէջ, եւ արդիական ճաշարանի ու մարզադաշտի գործածութեան վայելքը հրամցնել բոլոր համագումարներուն միջոցով, այնպէս որ, հոգեւոր եւ ֆիզիքական օրհնութիւններ ստանան մասնակցողները եւ Աստուած փառաւորուի:

