Վան Կաալ. «Գերմանիա Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսանալու Գլխաւոր Թեկնածուն Է»

2904van-gaalԸստ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Վան Կաալի, 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսին տիրանալու եւ աշխարհի ախոյեան հանդիսանալու գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի Գերմանիան:

«Մեզի համար առաջնահերթ եւ շատ կարեւոր է շրջանցել խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք հանգրուանը, որ բաւական դժուար է: Անոր հետ զուգահեռ, յաջորդ հանգրուանին պէտք է խուսափինք Պրազիլի խումբին հանդիպելէ: Կը կարծեմ, որ Գերմանիա տիտղոսին տիրանալու գլխաւոր թեկնածուն է, հակառակ այն բացարձակ իրականութեան, որ եւրոպացիները չեն յաջողած Ամերիկայի մէջ ախոյեան հանդիսանալ», կ՛ըսէ Վան Կաալ:

Share this Article
CATEGORIES