«Էն. Պի. Էյ.» – «Փլէյ-Օֆ»-ի Մրցումներ Մայեմի Հիթ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «փլէյ-օֆ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մայեմի Հիթ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 4-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Շարլոթ Հոռնեթցի վրայ:

Երէկուան մրցումին Հիթ արձանագրեց 109-98 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ` ի նպաստ յաղթական կազմին:

Աթլանթա Հոքս 107-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-2 յառաջացաւ Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ:

Իսկ Սան Անթոնիօ Սփըրզ 93-89 արդիւնքով յաղթելով Տալաս Մավըրիքսի, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2):

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ` ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները.

Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ (1-3)
Օքլահոմա Սիթի – Մեմֆիս Կրիզլիզ (2-2)
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (2-2)

 

Share this Article
CATEGORIES