ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման մասին հրապարակումներուն գծով:
ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հաստատուելու պարագային այսպիսի անիմաստ գործողութիւնները պիտի հակասեն ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ձգտումներուն վերաբերեալ` կողմերու յանձնառութեան:
Համանախագահները նշեցին, որ իրենք ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքէն խնդրած են շուտափոյթ հետաքննութիւն կատարել զինադադարի դրութեան խախտումներուն մասին հրապարակումներուն գծով: 5 մարտին Սոչիի մէջ ընդունուած յայտարարութեան համաձայն, բոլոր կողմերը պիտի մասնակցին հետաքննութեան:
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբաթ Հարաւային Կովկաս պիտի այցելեն:
Բացի անկէ, անոնք խստիւ դատապարտեցին մարդկային կորուստի իւրաքանչիւր դէպք եւ կողմերուն խրատեցին զսպուածութիւն ցուցաբերել, յարգել 1994-ի զինադադարի համաձայնագիրը եւ կատարել հոկտեմբեր 2010-ին Ասթրախանի մէջ եւ այս ամսուան սկիզբը Սոչիի մէջ ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները:

