ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ` «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ» ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
«Կազեթեճիլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «Ժամանակակից լրագրողներու միութիւն»ը 1915-ին սպաննուած հայ լրագրողներէն եւ գրողներէն Ռուբէն Զարդարեանի, Սիամանթոյի, Երուանդ Սրմաքեշխանլեանի (Երուխան), Արմեն Դորեանի, Լեւոն Լարենցի, Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Յովհաննէս Յարութիւնեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի անունները ընդգրկած է «Թուրքիոյ մէջ սպաննուած լրագրողներու» ցուցակին մէջ:
«Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ յօդուածի մը մէջ հարց տուած էր. «Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը ե՞րբ պիտի յիշէ 1915-ին սպաննուած հայ լրագրողները»:
Մինչեւ հիմա այդ ցուցակին մէջ ընդգրկուած էր միայն մէկ հայու` Հրանդ Տինքի անունը: Քոփթաշ գրած էր, որ «Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւն»ը եւ «Ժամանակակից լրագրողներու միութիւն»ը 1905-2009-ին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած աւելի քան 60 լրագրողներու մասին տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն, սակայն մոռնալով սպաննուած 22 հայ լրագրողները: