Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց սահմանադրական ժամկէտին շրջագիծին մէջ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը:
«ԱԽՊԱՐ ԵԱՈՒՄ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, հաղորդեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւն մը անհաւանական է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել նախագահ մը, որ բոլոր լիբանանցիները կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն մէկ մասը, ինչպէս որ է պարագան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր նախագահած երեսփոխանական պլոքը ներկայ պիտի գտնուի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներուն համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ համաձայնեցան անիշխանութենէն խուսափելու հարցին շուրջ: Միւս կողմէ, այլ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հարիրի կը մերժէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն չ՛ուզեր 50 քուէով ինքզինք համախոհական թեկնածու նկատել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի դառնայ համախոհական նախագահ մը` Մուսթաքպալ հոսանքին հաւանութեամբ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մնայուն կերպով պիտի զօրակցին եւ քուէարկեն իրենց թեկնածուին` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ դժուար թէ զօր. Աուն ներկայանայ իբրեւ համախոհական թեկնածու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նուազագոյնը յաջորդող երկու շաբաթներուն ընթացքին ալ պիտի զօրակցին Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ ինք ո՛չ Սամիր Ժահժահը պիտի ընտրէ, ո՛չ Հանրի Հըլուն եւ ո՛չ ալ սպիտակ քուէով պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը քննարկող խորհրդարանական յանձնախումբը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ ուրբաթ, 2 մայիս 2014-ի առաւօտեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ֆրանսական իշխանութիւններէն խորհուրդ ստացած է հանդիպում մը ունենալու արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ են Հարիրի-Աուն հաւանական համաձայնութենէ մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ կշիռ ունեցող համաձայնութիւնները կարելի չէ քանի մը ժամուան մէջ յաջողցնել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը փափաքի, որ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ դառնայ հանրապետութեան նախագահ:

