Ժահժահ. «Լիբանանի Մէջ Կայ Յստակ Ծրագիր Մը Ընդունելու Պարտադրուած Նախագահ Մը Եւ Կամ Անիշխանութեան Մատնուելու»

Samir-Geagea_6Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը հարուածելու իմաստով լուրջ հարց կայ` ընդգծելով, որ Լիբանանի անկախութենէն սկսեալ մինչեւ 1975 Լիբանանի մէջ ոչ մէկ անգամ նախագահական ընտրութեան նիստը ձախողեցնելու փորձ կատարուած է:

«Հետեւաբար ընտրութեան նիստերը խանգարելու քայլը ժողովրդավարական չէ: Աւելի՛ն. Լիբանանի մէջ կայ յստակ ծրագիր մը` ընդունելու պարտադրուած նախագահ մը եւ կամ անիշխանութեան մատնուելու», ըսաւ ան:

Ժահժահ այս բոլորը նկատեց նոր 7 մայիս մը:

Share this Article
CATEGORIES