«Երկրին Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Պայմաններ Չեն Տիրեր» Ընդգծեց Շէյխ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ նախագահական ընտրութեան պայմաններ չեն տիրեր:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի առաջին նիստը արդէն իսկ յստակ եղած է այդ իմաստով:
«Առաջին նիստին բեմականացած ըլլալու իրականութիւնը բոլորին համար յստակ էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ նիստեր գումարելու կարիքը չկայ, որովհետեւ երկրին մթնոլորտը ընտրութեան իմաստով յարմար չէ», ըսաւ ան:
Շէյխ Նայիմ Քասեմ ըսաւ, որ եթէ ներկայ պայմաններուն տուեալները մնան նոյնը, ապա նախագահական ընտրութիւն պիտի չկատարուի:
Նայիմ Քասեմ աւելցուց նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւն ներկայացնելը ոչ մէկ ձեւով մէկուն վարքը կը բարելաւէ, ընդհակառակն` անիկա ժողովուրդին յիշողութեան մէջ վատ իրադարձութիւններ կ՛արթնցնէ:
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ լիբանանցի լրագրողներ ամբաստանելու քայլին անդրադառնալով` Քասեմ խստիւ դատապարտեց այդ ատեանին ընթացքը, հաստատելով, որ այդ արարքը ցոյց կու տայ այս ատեանին անարդարութիւնը եւ քաղաքականացած ըլլալը:

