Վարչապետարանին Մէջ. Ատնան Քասսար Կոչ Կ՛ուղղէ Ընտրելու Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Մը

Արաբական երկիրներու ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան հետ հանդիպումէն պահ մը

Արաբական երկիրներու ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան հետ հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արաբական երկիրներու ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քասսար ողջունեց վարչապետ Սալամի կողմէ Ծոցի երկիրներ շրջապտոյտ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ այդ երկիրները այցելելն ու անոնց պատասխանատուները համոզելը, որ անոնց քաղաքացիները դարձեալ այցելեն Լիբանան իբրեւ զբօսաշրջիկներ, յանդուգն քայլ մըն է եւ ցոյց կու տայ վարչապետին յանձնառութիւնը` երկրին տնտեսութեան աշխուժացման առումով:

Քասսար նշեց, որ ապահովական եւ քաղաքական իմաստով Լիբանան ճիշդ հունի մէջ է` շեշտելով, որ Ազգային շահերու կառավարութեան կազմութենէն ի վեր պայթումները վերջ գտած են, իսկ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ սկսած են գործադրել իրենց ապահովական ծրագիրները եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել:

Քասսար յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը ընտրուի սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին եւ վերջ տայ Լիբանանը անիշխանութեան մատնելու մղձաւանջին:

Share this Article
CATEGORIES