Արսալի Մէջ. Լիբանանեան Բանակին Եւ Զինեալներու Միջեւ Բախումներ
Արսալի մէջ երէկ յետմիջօրէին բախումներ արձանագրուեցան լիբանանեան բանակին եւ զինեալներու միջեւ, երբ բանակի շրջուն ջոկատներէն մէկը սուրիացի զինեալներու կողմէ ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն պատճառով վիրաւորուեցան 8 զինուորներ:
Մինչ բանակը յաւելեալ ուժեր տեղակայեց Արսալի մէջ, բախումները շարունակուեցան:
Բանակի հրամանատարութիւնը երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրուան ժամը 13:25-ին Արսալ-Ռահուէ շրջանին մէջ բանակը ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ բանակը հակադարձեց կրակոցին եւ բախումները տակաւին ընթացքի մէջ են:
Աւելի ուշ, «Ահրար Սուննա – Պաալպեք» փաղանգը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բանակին դէմ լարուած թակարդին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին լիբանանեան բանակը կրցաւ կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնել եւ Արսալի հովիտներուն մէջ գտնուող զինեալները սահմանէն հեռու պահել:

