Նախագահական Ընտրութեան Յատուկ Խորհրդարանի Նիստը Յետաձգուեցաւ 7 Մայիսին

Լրատուամիջոցներուն հետ զօրակցութեան հաւաքէն պահ մը

Լրատուամիջոցներուն հետ զօրակցութեան հաւաքէն պահ մը

Նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանի նիստը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին գումարուեցաւ նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Սակայն երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով նիստը յետաձգուեցաւ չորեքշաբթի, 7 մայիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նախագահական ընտրութեան նիստին ներկայ գտնուեցան 75 երեսփոխաններ, մինչ անհրաժեշտ թիւն է 86 երեսփոխան, այսինքն` խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդը:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն ներկայ էին 53 երեսփոխաններ, 9 երեսփոխան, որոնք կը ներկայացնէին Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը, ինչպէս նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը, որ կը հաշուէր 13 երեսփոխան:

Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը, ինչպէս նաեւ Պաաս եւ Ղովմի կուսակցութեանց երեսփոխանները, որոնք մնացին խորհրդարանին մէջ, սակայն մերժեցին ժողովասրահ մուտք գործել:

Պըրրիի Այցելուները

Սալամ եւ Պըրրի

Սալամ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահը, որ առաւօտեան ժամը 10:00-էն ուղղուեցաւ խորհրդարան, ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ վարչապետ Թամմամ Սալամի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Պըրրիի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ստանալիք աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութեան հարցը:

Ժոմպլաթ, Պըրրի եւ Ապու Ֆաուր

Ժոմպլաթ, Պըրրի եւ Ապու Ֆաուր

Խորհրդարանէն մեկնումի պահուն նախարար Ապու Սաապ յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին երէկ առաւօտեան մամուլին կողմէ կատարուած մեկնաբանութիւնները անճիշդ են, որովհետեւ երկխօսութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

Ապու Սաապ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն են, որ իրենք անիշխանութեան դէմ են եւ անոր լոյսին տակ կը քննարկեն 25 մայիսին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Ան յոյս յայտնեց, որ զօր. Միշել Աուն ըլլայ Լիբանանի համախոհական նախագահը:

Զօրակցական Հանդիպում

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն յատկացուած յատուկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեսփոխաններու հաւաք մը. անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Ախպար» օրաթերթին` նկատի ունենալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ այս լրատուամիջոցներուն պատասխանատուներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնն ու զանոնք բերման ենթարկելու եւ հարցաքննելու միտումը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի կողմէ նախաձեռնուած զօրակցական այս հանդիպումին արձանագրուեցաւ խորհրդանշական մասնակցութիւն:

Զօրակցական այս հանդիպումէն բացակայեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք այս կեցուածքով կը զօրակցին Լիբանանին եւ անոր սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանեն լիբանանեան լրատուամիջոցները եւ անոնց խօսքի ազատութիւնը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լրատուամիջոցներուն հետ, սակայն անոնք իրենց կարգին օրէնքին պէտք է ենթարկուին: Ան շեշտեց, որ ինք խօսքի ազատութեան կը զօրակցի, պայմանաւ որ անոր համար սահմանուած օրէնքները յարգուին:

Ժրէյժ աւելցուց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կառավարութեան նիստին ընթացքին ներկայացնելու լրագրողներուն տէր կանգնող ծրագիր մը:

Ժահժահի Դէմ Ցոյց

Նախագահական ընտրութեան նիստին զուգահեռ խումբ մը երիտասարդներ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը մերժող նստացոյց մը կազմակերպեցին:

Նստացոյցին ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ Ժահժահը նկատուեցաւ վտանգաւոր մարդասպան մը. խօսք առնողները նաեւ աւելցուցին, որ 500 բանակային սպաննած անձ մը անկարելի է, որ դառնայ զինեալ ուժերուն գերագոյն հրամանատարը:

Ցուցարարները բարձրացուցին Ժահժահի զոհերէն նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի, Թոնի Ֆրենժիէի եւ այլոց լուսանկարները կրող որմազդներ:

 

Share this Article
CATEGORIES