Երեք Նոր Նշանակումներ` Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ

A-Krikorian-H-Monoukian-Y-ZakharianԵրէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրած հրամանագիրներով Արամայիս Գրիգորեան նշանակուեցաւ բնապահպանութեան նախարար, Յովհաննէս Մանուկեան` արդարադատութեան նախարար, իսկ Երուանդ Զախարեան` ուժանիւթի նախարար:

Աւելի ուշ, երէկ անջատ այլ հրամանագիրներով Արամայիս Գրիգորեան ազատ կացուցուեցաւ Արարատի մարզպետի պաշտօնէն, Յովհաննէս Մանուկեան` Վրաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն, իսկ Երուանդ Զախարեան` Կառավարութեան կից անշարժ գոյքերու արձանագրութեանց պետական կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն:

Share this Article
CATEGORIES