Փութին. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մասին Համաձայնութիւնը Պիտի Ստորագրուի 29 Մայիսին»

Նազարպայեւ, Լուքաշենքօ եւ Փութին

Նազարպայեւ, Լուքաշենքօ եւ Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի 29 մայիսին:

«Այսօր մենք շատ լուրջ յառաջընթաց արձանագրեցինք: Փորձագիտական մակարդակով միշտ չէ, որ կը յաջողուի համաձայնութիւն գոյացնել որոշ նրբութիւններու շուրջ, որոնք կը ներկայացնեն կողմերու շահերը», ըսած է Փութին:

Ան նշած է, որ այժմ զգալի կերպով յառաջ շարժած են, եւ կան բոլոր հիմքերը ենթադրելու, որ նշանակուած ժամկէտին մէջ անիկա պիտի ստորագրուի:

Փութին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները պիտի չազդեն համարկման վրայ: «Պատժամիջոցները որեւէ ձեւով պիտի չազդեն եւրասիական համարկման վրայ», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES