Մինասեան. «Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգը Պէտք Է Կամաւոր Ըլլայ»

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Ազգային Ժողովին մէջ ընթացող «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ թէեւ Սահմանադրական դատարանը զանոնք նկատած է հակասահմանադրական, սակայն այսօր ալ շարք մը կազմակերպութիւններ կր շարունակեն մարդոց ստիպել այդ վճարումները կատարել:

«Անոնք  պէտք է ըլլան  ոչ թէ պարտադիր, այլ կամաւոր սկզբունքով», նշեց Մինասեան` շարունակելով, որ ըստ օրէնքի, մինչեւ այսօր իրականացուած պահումները ենթակայ են վերադարձուելու:

«Անոնք պէտք է անյապաղ վերադարձուին», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան` ընդգծելով, որ մինչեւ այսօր այն անհատները, որոնք նոյնիսկ չեն հետեւած հարկային պարտաւորութիւններուն ու չեն կատարած պարտադիր վճարումներ, ոչ մէկ իրաւաբանական պատասխանատուութիւն պէտք է կրեն:

Արծուիկ Մինասեան նշեց շարք մը իրաւական հիմնաւորումներ եւ աւելցուց , որ այսօր աշխատակիցի սեփականութիւն հանդիսացող աշխատավարձը կը սահմանափակուի  իր կամքին հակառակ, ինչ որ հակասահմանադրական է: «Սահմանադրական դատարանի որոշումին համաձայն, այդ որոշումը այլեւս հակասահմանադրական է», ըսաւ պատգամաւորը:

Ըստ Մինասեանի, վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ պարտադիր վճարողներու թիւը Հայաստանի մէջ կը կազմէ աւելի քան 270 հազար, իսկ իրաւաբանական ու ֆիզիքական անձերու եւ կազմակերպութիւններու թիւը կը գերազանցէ քանի մը տասնեակ հազարը:

«Ասիկա նոյնպէս հակասահմանադրական կը նկատուի», նշեց Արծուիկ Մինասեան:

Share this Article
CATEGORIES