Մաքսային Միութեան Եւ Միասնական Տնտեսական Տարածքին Հայաստանի Անդամակցութեան Փաստաթուղթը` Մինչեւ 1 Յունիս

Meeting-of-Supreme-Eurasian-Economic-Council2Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի միանալու մասին փաստաթուղթը պիտի պատրաստուի մինչեւ 1 յունիս եւ պիտի ներկայացուի պետութիւններու ղեկավարներու քննարկումին Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի 29 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք նիստին ընթացքին: Այսպիսի որոշում առնուած է  նախանցեալ օր Մինսքի մէջ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ժամանակ:

Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները հաւանութիւն տուած են Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի միանալու միջոցառումներու ծրագիրին` «ճամբու քարտէս»-ի իրականացման ուղղութեամբ մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքին: Մասնաւորաբար, ինչպէս նշուած է նիստը հիւրընկալած Պիելոռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ, «ճամբու քարտէս»-ի 126 կէտերէն, որոնք պէտք է կատարուին մինչեւ փաստաթուղթի ստորագրումը, 111-ը իրականացուած են, իսկ 15-ը կ՛ընդգրկուին Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի միանալու բուն փաստաթուղթին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Հայաստանի անդամակցութեան «ճամբու քարտէս»-ի իրականացման ընթացքը հանդիպման օրակարգի երկու կարեւոր նիւթերէն մէկն էր` անոնցմէ առաջինը Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրին վրայ աշխատանքի ընթացքն էր:

 

Share this Article
CATEGORIES