Անդրադարձ. Աւելի Քան Որեւէ Ժամանակ Մօտ Է Աշխատաւորներու Տեսլականին Իրականացումը

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

maydayՄարդկութիւնը հասած է ճարտարարուեստական զարգացման բարձրակէտի մը, սակայն շատ յաճախ մարդկային փոխյարաբերութիւնները կը յատկանշուին ստրկատիրական ժամանակաշրջանի երեւոյթներով: Այսօր ալ առկայ է իշխողի եւ իշխուողի, շահագործողի եւ շահագործուողի, տիրապետողի եւ տիրապետուողի երեւոյթը, ինչպէս հաւաքականութիւններուն, նոյնպէս նաեւ անհատներուն միջեւ: Եւ փոխանակ այս երեւոյթը մեղմանալու, ընդհակառակն` աւելի եւս կը խորանայ. աւելի եւս կը խորանայ վիհը իշխող ու իշխուող դասակարգերուն միջեւ, ծայրայեղ հարուստին  եւ ծայրայեղ աղքատին միջեւ, աշխատանքը շահագործող գործատէրերուն ու մեծ դրամատէրերուն եւ բարիք արտադրող մտքի ու ձեռքի աշխատաւորներուն միջեւ:

Այսօր Աշխատաւորներու հետ համերաշխութեան միջազգային օրն է դարձեալ: Այսօր տօնն է մարդկութեան սեւ մեծամասնութեան` ճնշուածներուն, իրաւազրկեալներուն, սահմանափակ եկամուտներու տէր անձերուն, իրենց գործատեղիներուն մէջ ահաւոր պայմաններու ներքեւ աշխատողներուն: Բայց այսօր մանաւանդ ծննդեան տօնն է աշխատաւորական միջազգային շարժումին, որուն պատմութիւնը այդքան ալ հեզասահ չէ ընթացած երբեք: Այդ պատմութեան էջերը ներկուած են բազմահազար զոհերու արիւնով, աշխատաւորական ձեռքբերումներ ունենալու համար անհրաժեշտ եղած է անտեղիտալի պայքար մղել աշխատանքը շահագործող դասակարգերու ներկայացուցիչներուն դէմ եւ այդ պայքարին ընթացքին աշխատաւոր ընդհանրութիւնը նաեւ ստիպուած եղած է պայքարելու իր ազգային ազատագրման համար: Մէկ խօսքով, պատմութեան ընթացքին մարդոց ընկերային-տնտեսական ազատագրումը զուգահեռ ընթացած է ազգային ազատագրութեան համար տարուած պայքարին հետ:

Այսօր գերազանցապէս ընկերային պահանջատիրական պայքարի օրն է, զանգուածներուն դարձեալ փողոց իջնելու օրն է: Տօն է, բայց ոչ թէ սուրբերու առջեւ խունկ ծխելու ու մոմ վառելու համար: Տօն է` վառ ապագայի ու արժանապատիւ աշխատանքի նկատմամբ մարդկութեան երազանքը իրականացած տեսնելու վճռականութիւնը վերահաստատելու համար: Երբ մարդիկ տօն կ՛ըսեն, յաճախ կը հասկնան արձակուրդ, գոյնզգոյն հագուստներ, խրախութիւն եւ հանդիսութիւններ, սակայն այս միակ տօնն է, որուն ընթացքին աշխատաւոր դասակարգը եւ անոր դաշնակից խաւերը` իրաւազուրկները, ընչազուրկները, ամէն տեսակի արհեստաւորները, մտաւորականները եւ գիւղացիները իրաւունք չունին մէկ վայրկեան իսկ դադար առնելու` իրենց հասարակաց ձայնը բարձրացնելու եւ նշեալ վառ ապագային կերտման գծով մարտահրաւէր կարդալու համար:

Ապագան արժանապատիւ աշխատանքինն է: Եթէ մինչեւ հիմա, հարիւրաւոր տարիներ տեւած պայքարէն ետք տակաւին կը յամենան մարդու կողմէ մարդու շահագործումը, կեղեքումը եւ տիրապետման այլ տեսակի մօտեցումները, ապա պատմութեան բնական ընթացքը անպայմանօրէն պիտի տանի հոն, ուր ստեղծուի հասարակարգ մը, ուր գոյութիւն չունենան խտրականութիւն, շահագործում եւ կեղեքում ցեղային, դասակարգային, ընկերային եւ այլ մակարդակներու վրայ:

Ապագան մտքի ու ձեռքի աշխատաւորին արժանապատիւ աշխատանքինն է: Ապագան անպայմանօրէն կեանքի բարիքները ստեղծողներունն է եւ ոչ թէ այդ բարիքները սեփականացնողներունը, աշխատաւորներուն աշխատանքը յումպէտս շահագործողներունը: Ապագան, այո՛, աշխատաւոր համեստ դասակարգինն է, որուն տիւ ու գիշեր սեւ աշխատանքին շնորհիւ է, որ մարդկութիւնը հասած է հիմակուան զարգացումին: Առանց այդ սեւ աշխատանքին, առանց գործարաններուն մէջ աշխատանքի անտանելի պայմաններու մէջ աշխատած մարդոց տքնանքին ի՞նչ յառաջդիմութիւն: Անոնց կատարած անդուլ աշխատանքին շնորհիւ է, որ նաեւ կրթութիւնն ու գիտութիւնը զարգացած են, մարդիկ իրենց պայմանները բարելաւելու պայքարին ծիրին մէջ ձգտած են յաւելեալ ուսում ստանալու, յաւելեալ գիտելիք ամբարելու, որովհետեւ ուսումը նաեւ զէնք է շահագործումին ու կեղեքումին դէմ:

Մայիսի 1-ին աշխատաւորական շարժումի կարգախօսները կը մնան միեւնոյնը, ինչպէս որ էին աւելի քան դար մը առաջ` միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ: Աշխատիլ ոչ թէ սեփական կեանքը քարշ տալու ու ապրելու պարտաւորութենէն մղուած, այլ անձնական հաճոյքը բաւարարելու համար: Իւրաքանչիւրէն` ըստ կարելւոյն, իւրաքանչիւրին` ըստ արժանւոյն: Ազատ հայրենիք, երջանիկ եւ արժանապատիւ աշխատանքով ապահովուած ժողովուրդ: Աշխատաւորներ ամբողջ աշխարհի, միացէ՛ք:

Եւ հեռու չէ երբեք այն օրը, երբ պիտի կենսագործուի աշխատաւոր ընդհանրութեան տեսլականը: Աւելի քան մօտ է այն օրը, երբ պիտի կերտուի աշխատաւորներու վառ, կարմիր ապագան` իրաւ ընկերվարական հասարակարգի ներքեւ: Ա՛յս ցոյց կու տան տիրող դրամատիրական հասարակարգին ապրած ներքին հակասութիւնները, ասոր կը ձգտին ամբողջ աշխարհի մէջ իրենց շարքերը միաւորելու ձգտող աշխատաւորները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES