Կարմիր Խաչը Ազրպէյճանի Մէջ Այցելեց Հայ Գերիներուն

Red_Cross_AzerbaijanԿարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանին եւ հինգ քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ Գէորգեաններու ընտանիքին:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ազրպէյճանական ներկայացուցչութենէն ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Կարմիր խաչի միջոցով գերիներուն եւ անոնց հարազատներուն տեղեկութիւն փոխանցուած է:

Գէորգեաններու ընտանիքը սահմանը անցնելով ազրպէյճանական կողմ անցած է 2010 թուականի յունուարին եւ երրորդ երկիր մեկնելու ցանկութիւն յայտնած է:

Զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեան անցեալ տարուան օգոստոսին յայտնուած էր ազրպէյճանական տարածքին մէջ եւ գերի բռնուած:

Share this Article
CATEGORIES