Պէյրութի Ընկերութիւններու 7-րդ Մարզական Խաղեր. «Աուտէ» Դրամատունը Հանդիսացաւ Առաջին
Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Պէյրութի ընկերութիւններու 7-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ 2700 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 21 ընկերութիւններ:
Տեղի ունեցան բազմաթիւ տեսակի մարզախաղեր, որոնցմէ գլխաւորներն են բնականաբար պասքեթպոլը, ֆութպոլը, աթլեթիզմը, թենիսը, փինկ փոնկը եւ այլն:
7 ոսկի, 8 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ ապահովելով` «Աուտէ» դրամատունը հանդիսացաւ առաջին: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին «Մորիքս» (7 ոսկի, 2 արծաթ եւ 11 պրոնզ) եւ «Պելվիւ Միտեքըլ Սենթըր» (6 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Մրցումներուն աւարտին «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` այս խաղերը հովանաւորող ընկերութիւններուն:
CATEGORIES Մարզական

