Ֆութսալ. Ասիա – 2014-ի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան – Թայփէ
Լիբանանի տղոց ֆութսալի ազգային խումբը այսօր` հինգշաբթի, 1 մայիսին կը կատարէ 2014-ի Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը, երբ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 14:30-ին կը մրցի Թայփէի դէմ:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, ապա յաջորդաբար պիտի մրցի Մալեզիոյ (շաբաթ, 3 մայիս) եւ Թայլանտի (կիրակի, 5 մայիս) դէմ:
Մրցաշարքին մասնակցող մնացեալ խումբերն են.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Վիեթնամ (հիւրընկալ երկիրը), Քուէյթ, Տաճիկիստան եւ Իրաք:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Իրան, Աւստրալիա, Չինաստան եւ Ինտոնեզիա:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Ճափոն (տիտղոսակիր), Խըրխըզիստան, Ուզպեքիստան եւ Հարաւային Քորէա:
Լիբանանի մարզիչ Փաքօ Արաուժօ երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ կը մնայ բաւական յուսալից եւ կը կարծէ, որ իր մարզիկները բաւական լաւ տպաւորիչ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն:
Ան ըսաւ, որ վերջին երկու ամիսներուն տեղի ունեցած փորձերն ու բարեկամական մրցումները անպայման իրենց պտուղը պիտի տան այս մրցաշարքին:

