Հայկ Գալստեան Երկու Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Հոֆընհայմի Հետ
Իր լուրը քաղելով transfermarkt.de կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Միքա մարզադպրոցի սան Հայկ Գալստեան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական Հոֆընհայմ ֆութպոլի ակումբին հետ:
Նշենք, որ 16 տարեկան Գալստեան, որ վերջին ժամանակաշրջանին փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր անոր ակադեմիային հետ, բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեց ակումբին պատասխանատուներուն վրայ, որոնք այս պայմանագրութիւնը առաջարկեցին անոր:
Ըստ կնքուած համաձայնագիրին, Գալստեան յուլիսէն սկսեալ, երկու տարի մաս պիտի կազմէ Հոֆընհայմի պատանեկան խումբին:
CATEGORIES Մարզական

