Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ամշիթ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` ուրբաթ, 2 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ամշիթը:

3004byblos

Մութթահետ – Պիպլոս երէկուան մրցումէն

Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ճիշդ շաբաթ մը առաջ, Ամշիթ բաւական մեծ դժուարութեամբ յաղթանակ մը արձանագրեց (92-88)` իր դէմ գտնելով ՀՄԸՄ-ի զօրաւոր հնգեակը, որ բաւական նեղ կացութեան մատնեց դաշտին տէրը:

Այսօրուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի տղոցմէն կ՛ակնկալուի Ամշիթի դէմ ներկայանալ իբրեւ աւարտականի մրցում` ոչ մէկ ճիգ խնայելով յաղթանակ արձանագրելու եւ արդիւնքը հաւասարեցնելու` 1-1:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն մասին ոչինչ կայ ըսելիք, որովհետեւ անոնց համար վաղը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը բաւական նեղ պիտի գայ:

Նշենք, որ այսօր, միեւնոյն ժամուն, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Մութթահետը:

Վերոնշեալ երկու կազմերուն միջեւ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած երկրորդ ճակատումը եւս աւարտեցաւ Պիպլոսի յաղթանակով. անիկա 70-66 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թրիփոլիէն:

Share this Article
CATEGORIES