Պասքեթպոլ. 1996-97-99-ի Ծնունդ Մարզիկները Հրաւիրուեցան Յատուկ Փորձերու
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը բոլոր ակումբներուն ուշադրութեան յանձնեց այն կարեւոր կէտը, որ բոլոր 1999-ի ծնունդ տղաքը հրաւիրուած են յատուկ փորձերու, որոնցմէ լաւագոյնները մաս պիտի կազմեն Լիբանանի 15 տարեկանէն վար ազգային խումբին, որուն մարզիչն է Սելիմ Շիմալի:
Իսկ 1996-97-ի ծնունդ աղջիկները նոյնպէս առիթը ունին մաս կազմելու Լիբանանի 18 տարեկանէն վար ազգային խումբին, որուն մարզիչն է Ժորժ Աքիքի:
Այդ յատուկ փորձերը տեղի պիտի ունենան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին (Մաթհաֆ) փակ դաշտերուն վրայ` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ:
1999 – ՏՂԱՔ
Շաբաթ, 3 մայիս` 11:00-13:00
Կիրակի, 4 մայիս` 12:00-14:00
1996-97 – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Շաբաթ, 3 մայիս` 9:00-11:00
Կիրակի, 4 մայիս` 10:00-12:00
CATEGORIES Մարզական

