«Իրան-Սէուտական Արաբիա Յարաբերութեանց Բարելաւման Առջեւ Արգելքներ Չկան» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Հասան Ռուհանի
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման առջեւ արգելքներ չկան` նշելով, որ «Սէուտական Արաբիա Իրանի հետ որեւէ հարց չունի, անոր հարցը շրջանին հետ է»` յոյս յայտնելով, որ Ռիատ շրջանին մէջ կացութիւնն ու պայմանները լաւ ձեւով գնահատէ եւ գիտակցի, թէ շրջանին համար լաւագոյնը խաղաղութեան, եղբայրութեան ու ապահովութեան հաստատումն ու անկէ ահաբեկիչներուն վտարումն է:
Ռուհանի յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա նշեալ եզրակացութեան գայ` աւելցնելով. «Այդ եզրակացութեան պիտի հասնի եւ այդ պարագային անոր հետ յարաբերութեան մէջ որեւէ հարց գոյութիւն պիտի չունենայ»:
Իրանի նախագահը ըսաւ, որ իր երկիրը Իրանի եւ աշխարհի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ քայլեր առած է: «Դրացի եւ ոչ դրացի երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւնները օրէ օր կը բարելաւուին, եւ Ռուսիոյ ու Չինաստանի մէջ տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ շատ լաւ շրջադարձի մը ականատես պիտի ըլլանք», ըսաւ Ռուհանի:

