Քիեւ Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Կացութիւնը Վերահսկողութեան Տակ Առնելու «Կարողութիւնը Չունի»

3004UkraineՈւքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով խոստովանեցաւ, որ իր ուժերը «անկարող» են Տոնեցք եւ Լուհանսք շրջաններուն մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու, աւելի՛ն` ապահովական կարգ մը մարմիններու անձնակազմի անդամներ «ահաբեկիչներուն հետ կը գործակցին կամ կ՛օժանդակեն անոնց»: Ան ըսաւ, որ ներկայիս նպատակը խռովութեանց դէպի այլ տարածքներ` Խարքով եւ Օտեսա ընդարձակումը կանխարգիլելն է:

Թուրչինով նաեւ ըսաւ, որ «Ուքրանիա զինուորական ամբողջական պատրաստ վիճակի մէջ է»` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ռուսական զօրքեր կրնան երկիր ներխուժել:

Մինչ այդ, ռուսամէտ ցուցարարներ երէկ Հորլիւքա քաղաքին մէջ գրաւեցին շրջանային ոստիկանատունն ու քաղաքապետարանը:

 

Share this Article
CATEGORIES