«Ցեղասպանութեան Որբերը» Ժապաւէնի Աշակերտական Ցուցադրութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 30 ապրիլին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00¬ին, «Երջօ Սամուէլեան¬Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ») վաւերագրական ժապաւէնի աշակերտական ցուցադրութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի միջդպրոցական խորհուրդին կազմակերպած այս ձեռնարկին ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Սահակեան, Վահան Թէքէեան եւ ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարաններու աշակերտները:
Ժապաւէնին ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած որբերու ապրած դաժան կեանքերուն` աշխարհագրական տարբեր տարածքներու վրայ: Հակառակ ամէն տեսակ արհաւիրքի գոյատեւած եւ նորանոր կեանքերու ծնունդ տուած այդ որբերուն ընդմէջէն աշակերտներուն փոխանցուեցան տարբեր պատգամներ` կառչելու այն դատին, որ այդ որբերուն ճամբով կը փոխանցուի իրենց:

