Հայկազեան Համալսարան Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Գերմանացի Մարդաբանական Հետազօտող Ուենտի Հեմըլինք Խօսեցաւ Սասունի Հայերէն Տպաւորուած Երաժշտական Յիշողութիւններու Մասին

 

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Ուենտի Հեմըլինք

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան            Ուենտի Հեմըլինք

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին յատուկ դասախօսութիւն-զեկուցում մը ներկայացուեցաւ Արեւմտահայաստանի Սասնոյ շրջանի այժմու հայու բեկորներուն մասին:

«Երաժշտական յիշողութիւններ` Սասունի հայերէն» խորագրեալ այս դասախօսական ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ օրուան նիւթի խորագիրին` նշելով, որ իր ուսանողական շրջանէն մնացած յիշողութիւններուն մէջ իւրայատուկ տպաւորութիւն ձգած է երաժշտութիւնը զայն նկարագրելով իբրեւ միջազգային լեզու, որ հասկնալի է բոլորին համար: Ապա դոկտ. Տագէսեան ներկայացուց օրուան բանախօսին` գերմանացի Ուենտի Հեմըլինքի կենսագրական գիծերը: Հեմըլինք իր մարդաբանական հետազօտութեանց մէջ մագիստրոսի ու ապա  դոկտորական իր աւարտա ճառի նիւթերը յատկացուցած է քիւրտ երգիչներու` «տենկպեշ»-ներու կեանքին:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած այս դասախօսութեան ընթացքին բանախօսը խօսեցաւ իր պրպտումներու հոլովոյթին մասին, թէ ինչպէ՛ս ինք սկսած էր հետազօտութիւն կատարել  քիւրտ երգիչներու մասին, ճամբորդած էր Թուրքիա եւ շուրջ տարուան մը կեցութեան ընթացքին այցելած էր քրտաբնակ շրջաններ, յատկապէս` բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի գաւառները: Սահիկներու օգնութեամբ ան ցոյց տուաւ իր այցելած վայրերը, յատկապէս հայկական շրջանները, ուր կարգ մը եկեղեցիներ քանդուած ու բնակչութիւնը կոտորուած է: Ան պատմեց իր լսածները` 1915-ի ջարդերու օրերուն պատահած դէպքերուն մասին: Ան խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս քիւրտերու մասին իր կատարած պրպտումներուն ընթացքին հանդիպած է որոշ թիւով քրտացած, իսլամացած հայերու:  Ան խօսեցաւ օրինակ Սասնոյ Հերենտ շրջանին մասին, որուն բնիկ հայերը երբեք տեղահանուած չեն, որովհետեւ մերձակայ քիւրտ ցեղախումբ մը պաշտպանած է զիրենք` նկատի ունենալով, որ Հերենտի հայերուն մեծամասնութիւնը երկաթագործ դարբիններ եղած են, ինչ որ նշեալ քիւրտ ցեղախումբին համար կարեւոր էր, հետեւաբար պէտք ունէին այդ հայերու աշխատանքին: Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս բազմաթիւ իսլամացած հայեր վերջին տարիներուն սկսած են քրիստոնէութեան դառնալ ու մկրտուիլ, մինչ ուրիշ` այլ շրջաններու հայեր, որոնք մինչեւ 1960-ական թուականները յաջողած են իրենց գոյութիւնը քարշ տալ իբրեւ քրիստոնեաներ, 1963-էն ետք կրօնափոխ դարձած ու իսլամացած են` տիրող անապահով մթնոլորտէն վախնալով: Նմանապէս բազմաթիւ հայեր նոյն քայլին դիմած են վերջերս, դարձեալ նոյն պատճառով,  յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Տիգրանակերտէն Թաուօ անունով քահանայ մը երբեմն կ՛այցելէ հայաբնակ այդ շրջանները, ուր գիշերով մկրտութիւն կամ հարսնիքի արարողութիւններ կը կատարէ: Գիշերով` հետապնդումի վախէն: Դասախօսը խօսեցաւ հայկական կարգ մը կազմակերպութիւններու մասին, որոնք զգալի եւ աշխուժ գործունէութիւն կը տանին Պոլսոյ մէջ, ինչպէս` «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը եւ այլն:

Աւարտին Ուենտի Հեմըլինք պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Իսկ «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը բացատրէ այդ հակասական երեւոյթները` կարգ մը հայերու քրիստոնէութեան դարձը եւ այլ հայերու իսլամացումը եւ թէ ի՞նչ է թրքական պետութեան կեցուածքը, Հեմըլինք յայտնեց, թէ վերջին շրջանին զգալիօրէն վերազարթնում կ՛ապրին այդ շրջաններու հայերը, իսկ իսլամութեան ընդունումի պատճառը հիմնականին մէջ վախն ու անապահովութիւնն է: Իսկ թրքական պետութեան կեցուածքին գծով ան յայտնեց, թէ Թուրքիա տարօրինակ երկիր է, երբ շրջանի մը մէջ եկեղեցական պատարագ կը մատուցուի, անդին յաջորդ օրը կարելի է լսել սպաննուած հայու մը դէպքին մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES