Ընթերցանութեան Սիրոյն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Իտալիոյ մէջ հանգստեան կոչուած ուսուցիչ մը 15 տարիէ ի վեր կը շրջի երկրին չորս կողմերը: Ան իրեն հետ կը բերէ գիտութիւն եւ գիրքեր` զանոնք հանելով դպրոցի պատերէն դուրս:
Երբ պատանի էր, Անթոնիօ Լա Քաւա անհամբեր կը սպասէր գրադարան փոխադրակառքին, որ կ՛անցնէր Իտալիոյ իր գիւղին մէջէն, նոր գիրք մը փոխ առնելու համար:
Ան գիրքը յաջորդ շաբաթ կը վերադարձնէր եւ ուրիշ գիրք մը փոխ կ՛առնէր:
1970-ական թուականներէն ի վեր այս սովորութիւնը կորսուած էր:
15 տարիներ առաջ, երբ նախկին ուսուցիչ Անթոնիօ հանգստեան կը կոչուի, կ՛որոշէ իր կարգին ընթերցանութեան հետաքրքրութիւնը զարգացնել պատանիներուն մէջ:
Իր պիպլիոմոթոքարոյին մէջ (3 անիւներով ինքնաշարժ), ան կը շրջի Իտալիոյ ճամբաները, գիւղէ գիւղ, յաճախ կտրելով աւելի քան 500 քմ:
Անոր շրջուն գրադարանը այժմ ունի մօտաւորապէս 700 գիրք: Կարելի է ամէն տեսակի գիրքեր գտնել անոր առասպելական փոխադրակառքին մէջ, նկարազարդ գիրքեր, վէպեր, երիզային գծագրութիւններու պատմութիւններ:
Անթոնիօ կը հաստատէ, թէ հակառակ որ պատանիները միշտ աւելի հետաքրքրուած են հաղորդակցութեան նոր միջոցներով, սակայն ընթերցանութիւնը միշտ կարեւոր կը մնայ:
Եղանակներու «Աղբանոցը»
Փարակուէյի մէջ սենֆոնիք նուագախումբ մը Մոցարթի եղանակները կը նուագէ թափուած մնացորդներէ շինուած երաժշտական գործիքներով:
2002-ին Փարակուէյի մէջ հիմնուած այս սենֆոնիք նուագախումբը բաղկացած է 40 երաժիշտներէ: Անոնք բոլորը ծնած են Քաթէուրայի մէջ, շատ աղքատ թաղամաս մը, որ շինուած է աղբանոցի մը վրայ:
Հոն է, որ այս երաժիշտները շինած են իրենց երաժշտական գործիքները` թափօններէ: Ալիքաւոր երկաթիթեղ, պահածոյի տուփ, դահեկաններ… Իրենց ձեռքով շինուած ջութակներով, կիթառներով, թաւջութակներով անոնք կը նուագեն Մոցարթ, Վիվալտի, Պեթհովեն, Էտիթ Փիաֆ, Պիթըլզ…
Երգչախումբին ղեկավարը կը հաստատէ, թէ այդ գործիքներուն ձայնը իսկական գործիքներու ձայնին նման է:
Այս երգչախումբը հմայած է ամբողջ աշխարհը: Ան նուագահանդէսներ կու տայ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ: Ան նոյնիսկ մասնակցած է նշանաւոր ռոք խումբի մեթալիքայի երգահանդէսներուն` Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Ռոք երաժշտութեան այս սիրահարները Քաթէուրայի խումբին մեծ համակիրներ են:
«Ամբողջ աշխարհը մեզի աղբեր կը ղրկէ, մենք զանոնք երաժշտութեամբ կը փոխանակենք», կ՛ըսեն այդ երաժիշտները: ցարթ, Վիվալտի, Պեթհովեն, Էտիթ Փիաֆ, Պիթըլզ…

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Խոզերը չեն կրնար երկինքին նայիլ:
– Կարգ մը գորտեր իրենց զիրենք կը սառեցնեն ձմրան ընթացքին եւ դարձեալ բնական վիճակի կը վերադառնան ամրան:
– Խաղողը կը պայթի, երբ զայն մանրալիք փուռի մէջ դնենք:
– Անգլիացի արուեստագիտուհի Լորըն Փորթըր իսկական չափի «Ֆեռարի» ինքնաշարժ մը հիւսելով շինած է: Ան գործածած է 19 քմ բուրդ:
– «Քիլլըր» կէտերը միասին կը շնչեն: Երբ անոնք միասին կը լողան, անոնք բոլորը միաժամանակ կը բարձրանան ջուրին երեսը:
– Մեր մարմնին մէջ 2.893.500 բջիջներ պիտի մեռնին, եւ զանոնք պիտի փոխարինեն նոր բջիջներ` այս քանի մը տողերը կարդալու ընթացքին:
– Կրնա՞ս դուն քու արմուկդ լզել: Մարդիկ, մեծ մասամբ չեն կրնար: Սակայն Նիք Աֆանազիէֆ կրնայ իր արմուկը դիւրութեամբ լզել, որովհետեւ ան շատ երկար լեզու մը ունի (մօտաւորապէս` 9 սմ):
– Ժպտիլը մէկ մկան աւելի կ՛աշխատցնէ, քան` խոժոռ դէմքը:
– Առիւծները օրական մինչեւ 20 ժամ հանգիստ կ՛ընեն:
– Օրէնքին դէմ է, որ ինքնաշարժի մը վարիչին աչքերը գոց ըլլան, երբ ան ինքնաշարժ կը քշէ Ալասքայի մէջ:
– Միջին հաշուով, պարզ մատիտով մը պիտի կարենաս 50 հազար բառ գրել մինչեւ ան հալի:
– Պզտիկ ընգղաները մօտաւորապէս լուի չափ կ՛ըլլան, երբ նոր կը ծնին:
– Անգլիացի ուսուցիչ մը` Նիքըլաս Փրիք, 15 տարի է ի վեր ժամական մինչ 100 անգամ կը փռնգտայ:
– Մօտաւորապէս 20 հրաբուխներ կը ժայթքին այս վայրկեանին աշխարհին մէջ:
– 10 եւ անոր հետեւող 100 զերօ ունեցող թիւը կը կոչուի կուկոլ:
– Համացանցի վրայի փնտռտուքի «կուկըլ» կայքէջը իր անունը առած է կուկոլէն: Այս անուն ընտրուած է, որովհետեւ փնտռտուքի կայքէջը այդ թիւին չափ շատ տեղեկութիւններ կրնայ հայթայթել համացանցին վրայ:
– Գորտ մը ստիպուած է աչքերը գոցելու` ուտելիքը կլլելու համար: Թարթիչները գոցելը դէպի վար կը հրեն անոր աչքերը, որոնք բերանին վրայ հասնելով ուտելիքը անոր կոկորդէն վար կը հրեն:
– Դուն քու տարեդարձդ կը տօնես աշխարհի վրայ նուազագոյնը 19 միլիոն ուրիշ անձերու հետ:
– Կովը կրնայ օրական մինչեւ լոգարանի մը քանակով ջուր խմել:
– Տաք ջուրը աւելի արագ կը սառի, քան` պաղ ջուրը:
Աշակերտներու Գործադուլ
Անգլիական դպրոցի մը աշակերտները գործադուլի դիմած են, որովհետեւ անոնք կ՛ուզէին աւելի շատ տան պարտականութիւններ ունենալ:
Ամէն ինչ սկսաւ այն ատեն, երբ 14 տարեկան Արըն Փարֆիթթ կը պատրաստուէր թուաբանութեան քննութեան մը: Ան կը զգար, թէ նիւթին չէր տիրապետեր, հետեւաբար ան ուսուցիչէն պահանջեց աւելի պարտականութիւններ տալ: Ուսուցիչը մերժեց:
Իբրեւ հետեւանք` Արըն կը ձախողի իր քննութեան, եւ իբրեւ բողոք` ան դասարանէն դուրս կ՛ելլէ. անոր կը հետեւին մօտաւորապէս հարիւր աշակերտներ:
Արընի դպրոցին մէջ թուաբանութեան ուսուցիչները յաճախ կը փոխուին տարուան ընթացքին: Հետեւաբար անոնք շատ տան պարտականութիւններ չեն տար, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ յաջորդ շաբաթ իրենք տակաւին իբրեւ ուսուցիչ պիտի մնա՞ն դպրոցին մէջ: Արընի «գործադուլին» պատճառով դպրոցը հսկողութեան տակ դրուեցաւ վիճակը բարելաւելու համար:
Հեռաձայնի Կրակմար
Ճափոնի Քարիա քաղաքին մէջ ապրիլ 1-էն սկսեալ նոր օրէնք մը սկսած է գործադրուիլ: Քաղաքապետը առաջարկած է, որ 6-15 տարեկան մանուկներ իրաւունք չունենան իրենց բջիջային հեռաձայնները գործածելու իրիկուան ժամը 9-էն ետք: Արդեօ՞ք անոնք աւելի լաւ պիտի կարենան քնանալ այս օրէնքին պատճառով:
Շատ Քաղաքավար Եւ Ազնիւ
Մեծ Մայրիկ Մը
84 տարեկան Թիննի Տէյվիտսըն կ՛ապրի Քանատայի մէջ: Ան Քոմոքսի շրջանին էջ հաստատուած է 2007 թուականին: Սակայն ամէն օր, եօթը տարիներէ ի վեր, ան կը ժպտի եւ ձեռքով պզտիկ նշան մը կ՛ընէ հարիւրաւոր աշակերտներուն, որոնք կ՛անցնին իր տան առջեւէն:
Թիննի այնքան հռչակաւոր դարձաւ իր քաղաքավարութեան, ազնուութեան եւ ժպիտներուն պատճառով, որ պատանիները իրենց ճամբան կը փոխէին անոր բարեւելու եւ նուիրելու` ծաղիկներ կամ կարկանդակներ:
Անոնք նոյնիսկ հաւաքոյթ մը կազմակերպեցին ի պատիւ անոր, քաղաքին մարզասրահին մէջ, 27 փետրուարին:
Անոնք Թիննիին բարեմաղթութեան քարտեր գրեցին, պզտիկ տեսերիզ մը պատրաստեցին եւ նոյնիսկ հսկայ պաստառ մը ներկեցին անոր նկատմամբ քաղաքավարութիւն արտայայտելու համար:
Թուաբանական Հաշիւներ
Անգլիա ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ նշմարած է, որ իր բնակիչներուն թուաբանութեան տկար մակարդակ ունենալը երկրին աւելի քան 38 միլիառ տոլարի վնաս կը պատճառէր: Հետեւաբար ան որոշած է թուաբանութեան ուսուցման իր ձեւը փոխել եւ Շանկհայէն (Չինաստան) 60 ուսուցիչ բերել տուած է:
Ինչո՞ւ չինացիներ: Որովհետեւ Շանկհայի աշակերտները թուաբանութեան մէջ աշխարհի ամէնէն լաւ արդիւնքները արձանագրող աշակերտներն են:
Յատկապէս Շանկհայի ուսուցիչները կը յաջողին թուաբանութիւն սորվեցնել դժուար պայմաններու տակ ապրող մանուկներուն: Այն աստիճան, որ այս չինացի մանուկները շատ աւելի բարձր մակարդակ ունին, քան` միջին դասակարգի անգլիացի աշակերտները:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր նկարի եւ վերի ձախ անկիւնին միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ուսուցիչները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու աշակերտուհիները:

