Սեպուհ Նուրեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Sebouh-NourianԼիբանանահայ տարեգրութեան լուսաւոր էջերուն մէջ արձանագրուած է պատմութիւնը սերունդի մը, որ յատկանշուեցաւ իր ժողովրդանուէրի եւ գաղափարականի բարձր եւ օրինակելի գիտակցութեամբ, համեստ բայց տիրական ներկայութեամբ, ծառայասէրի կերպարով եւ կենդանի գործին հանդէպ ցուցաբերած խանդավառութեամբ, բայց մանաւանդ` իր ժողովուրդի դատին նուիրուելու խոր համոզումով:

1950-ական թուականներու ծնունդ սերունդն էր ատիկա, որ յայտնապէս իր անգնահատելի ներդրում ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական վայրագ պատերազմին (1975թ.) ընթացքին` թեւ ու թիկունք կանգնելով լիբանանահայութեան:

Փաստօրէն, այդ սերունդը իր պատանեկանի եւ երիտասարդականի դաստիարակութիւնը ստացաւ Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերուն մէջ, հասակ նետեց, շնչեց, զգաց ու ապրեցաւ իր շրջապատին տրոփը, եղաւ մեծահոգի շինարար ու պիտանի արհեստաւոր, պարտաճանաչ զաւակ եւ ուսանող, տէր կանգնեցաւ իր ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներուն, սիրեց ու սիրուեցաւ, եւ ի պահանջեալ հարկին` ցոյց տուաւ տոկունութեան, քաջութեան եւ խիզախ կամքի այնպիսի արժեչափ, որ երբ Լիբանանի քաղաքացիական խօլ պատերազմը բռնկեցաւ, արդէն դաստիարակուած եւ հոգեզինուած ըլլալով ազգային ու կուսակցական արժէքներու մեծութեամբ, ան զէն ի ձեռին նետուեցաւ պայքարի դաշտ պաշտպանելու համար այն թաղերը, ուր ծնունդ առած էր, տէր ըլլալու իր ժողովուրդի անհատական թէ հաւաքական ինչքերուն, կալուածներուն, կառոյցներուն, անվտանգութեան, բարօր կեանքին, ազգային արժանապատուութեան մէկ խօսքով` ամբողջ լիբանանահայութեան:

Այդ սերունդի մէկ հարազատ որդին էր Սեպուհ Նուրեան, որ ծնած էր Սիս թաղամասին մէջ, 1951¬ին: Համեստ բայց հայաշունչ ընտանիքի մը զաւակն էր ան: Փոքր տարիքին կ՛անդամագրուէր շրջանի ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, իսկ երիտասարդականի տարիքին` խրոխտ երդումով մը կը միանար ՀՅ Դաշնակցական մեծ ընտանիքին: Աւելի ուշ մաս կը կազմէ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին:

Հետագային  ան կազմած էր իր ընտանիքը եւ նետուած իր առօրեայ ապրուստը ապահովելու աշխատանքին` միշտ ապաւինելով իր կամքին ու հայավայել ըմբռնումներուն:

Սեպուհ Նուրեանի հասակակիցներ եւ մտերիմ ընկերներ խոր յարգանքով եւ անկեղծ ապրումներով կը յիշեն անոր ծառայասէրի, մարդամօտի եւ ընկերականի բարեմասնութիւնները: Ան իր գաղափարական ըմբռնումներուն մէջ միշտ ալ եղած է ամուր ու հաստատակամ, հակառակ զինք շրջապատող այն բոլոր վերիվայրումներուն, անհասկացողութիւններուն, դժուարին պահերուն եւ ընդհանրապէս առկայ  տարակարծութիւններուն:

Ինչպէս երիտասարդականի տարիներուն ցուցաբերած անսակարկ եւ անմնացորդ զոհողութիւններուն, գաղութահայ կեանքի պաշտպանական, կուսակցական  թէ Հայ դատի նուիրական աշխատանքներուն մէջ իր  բերած եզակի ներդումով, ան իր չափահաս տարիներուն անգամ մնաց հաւատարիմ իր երդումին, երբ իր շուրջ աննպատակ կը թափառէին  եսասէր, նիւթապաշտ, հոգիով տկարացած եւ վախկոտ անհատներ:

Ան երբեք չայլայլեցաւ եւ կառչած մնաց իր դաւանած համոզումին, ապրումներուն եւ գաղափարական հասունութեան,  հակառակ  բազում դժուարութիւններու եւ կեանքի պարտադրանքին:

Փաստօրէն, երբ գտնուեցան պիղծ ու տկար անհատականութեամբ մարդուկներ, որոնք երեսուն արծաթի համար ծախեցին խելք ու շնորհ, միտք ու արժանապատուութիւն, ան կրցաւ դիմակայել փորձութիւններ եւ ի գին ամէն զոհողութիւններու պահպանել գաղափարականի իր սիրտն ու հոգեկան աշխարհը, որով կը զատորոշուէր իր շրջապատէն:

Այո՛, ան չուրացաւ այն հաւատամքը, որուն երբեմնի ծառան էր եղած, ցոյց տալով իր անվրէպ բազուկի տոկունութիւնն ու նախնեաց կտակին հաւատարմութիւնը:

Ճիշդ է, որ անոր կեանքի ալեկոծումները անպակաս են եղած, սակայն վերջին շրջանին ան լծուած էր ընտանեկան ապրուստի ապահովման` բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառօրէն:

Սիրելի՛ ընկեր,

Քառասուն օրեր առաջ դարանակալ մահը զգետնեց սիրտդ` պատճառ դառնալով ընտանիքիդ ու ընկերական շրջապատիդ խոր սուգին ու դառնութեան: Սակայն պէտք է գիտնաս, որ ապրած կեանքիդ, կատարած գործերուդ եւ դաշնակցական ապրումներուդ խորհուրդը պիտի մնայ վառ բոլոր անոնց մօտ, որոնք մօտէն ճանչցած են քեզ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր:

Յարգա՛նք յիշատակիդ:

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ

 

Share this Article
CATEGORIES