Հայոց Ցեղասպանութեան Դարադարձի Սեմին
ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութիւնը դարու մը ժամանակային տարածքը ծածկելու վրայ է, եւ Հայ դատի առնչուող ոլորտներ ու աշխարհաքաղաքական գօտիներ վերադասաւորումներու հոլովոյթ մը կ՛ապրին: Այս հոլովոյթին մէջ ուժեղ բովանդակութեամբ ներկայանալու եւ թշնամիին շարժումներուն դիմաց դիրքեր գրաւելու տենդագին արշաւի մը ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուինք: Հարկ է կողմնորոշիչ նշաններ կարդալ, արշաւի ընթացքին նաեւ նշանակէտեր ճշդել, արահետ գտնել` հասնելու համար համապատասխան դիրքերու:
100-ամեակի սեմին հայաշխարհի գծապատկերը կը ներկայացնէ`
ա) Թշնամիին կողմէ շրջափակուած եւ ընկերատնտեսական ու քաղաքական դժուարութիւններու մէջ խրած անկախ հանրապետութիւն:
բ) Ազատագրուած, սակայն իրողականը ամրագրելու եւ իրաւաքաղաքականի վերածելու կոչուած Արցախ:
գ) Խտրականութիւն դիմագրաւող Ջաւախք ու ջաւախահայութիւն, որոնք պատանդուած կը մնան Հայաստանի արտաքին աշխարհի դարպասը հանդիսացող պետութեան` Վրաստանի. մինչ հարաւային պատուհանը` Իրանի հետ սահմանը, ամբողջովին բաց գործելու համար վարանոտ կը սպասէ միջազգային քամիներու մեղմացումին:
դ) Հայաթափ Նախիջեւանը կը հիւրընկալէ թուրանական ԹԱՔՄ (Թուրքիա-Ազրպէյճան-Խըրխըզիստան-Մոնկոլիա) զօրամիաւորին անդրանիկ ռազմափորձը, որ իր վայրի ընտրութեամբ եւ ցուցադրական ուժգնութեամբ սպառնական պատգամներ կը փոխանցէ:
ե) Պոլսահայութիւնը կը փորձէ տասնամեակներու իր կաշկանդումներէն դուրս գալ, մինչ արեւելեան նահանգներու մէջ` բո՛ւն Արեւմտահայաստանի մէջ, արեւմտահայ ծպտեալ եւ թաքուն, սակայն թանկագի՛ն բեկորներ ինքնութեան խուլ զարթօնք մը կ՛ապրին:
զ) Հայաստանամերձ հայաբնակ գօտիներ ու գաղութներ, ի տես ապահովական վտանգի եւ քաղաքական քաոսի, կը հայաթափին, իսկ մասով մըն ալ գոյապայքարի դժնդակ ու օրհասական պահեր կը դիմագրաւեն:
է) Յատկապէս վերջին քսանամեակին, յաջորդական ալիքներով հայրենի օճախը արիւնաքամ ըրած արտագաղթով յառաջացած` անդիմագիծ սփիւռք, որ կազմակերպական մատակարարումի կը կարօտի:
ը) Աւանդական սփիւռք, որ հայապահպանման ծանր աշխատանքին զուգահեռ, ճիգ չի խնայեր քաղաքական հասու գործօնի մը վերածուելու` ի սպաս Հայաստանի հզօրացման եւ Հայ դատի աշխատանքներուն:
Հայաշխարհի իրադրային այս գծապատկերին ներքեւ հարկ է նաեւ լուսարձակ սփռել որոշ տեղաշարժներու եւ խմորումներու, որպէսզի ամբողջ կացութիւնը մղենք նպատակային անհրաժեշտ հուներու` ի խնդիր մեր Դատի յառաջխաղացքին ու յաղթանակին:
2008-ի ռուս-վրացական պատերազմի պայմաններուն տակ եւ ռուս-թրքական մերձեցումի աշխուժացման լծակներով, հայրենի իշխանութեանց ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը յանգեցաւ 10 հոկտեմբերի 2009-ի հայ-թրքական տխրահռչակ փրոթոգոլներուն: Այս արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած ուղղակի եւ անուղղակի հաստատումներով, թրքական դիւանագիտութիւնը կը վայելէր այն ապահովութիւնը, թէ գործող սահմանները նուիրականացած են եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քաղաքական բովանդակութենէ զուրկ` քշուած է պատմական հարթութիւն:
Այս ապահովութիւնը թրքական դիւանագիտութիւնը կը մղէր արձանագրութիւններու վաւերացումը առնչելու ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ ազերիանպաստ լուծումի մը պայմանին. դեռ աւելի՛ն, Թուրքիան վերոնշեալ հակամարտութեան մէջ ինքզինք միջնորդ կ՛առաջադրէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի ձեւաչափը խախտելու կամ ամբողջութեամբ փոխելու գնով:
Նոյն արձանագրութիւններու ներշնչած ապահովութեամբ նաեւ, թրքական դիւանագիտութիւնը հայ-թրքական երկխօսութեան ցուցադրական ծանուցումով կը փորձէր եւ կը շարունակէ փորձել կասեցնել երրորդ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի քայլերը:
Հայկական կողմի տեղատուութեան իբրեւ զսպանակ` Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը, «ոչ»-ի ալիքով դրդուած, կու գար իր մեկնաբանութիւններն ու սահմանափակումները պետականօրէն ամրագրելու փրոթոգոլներուն գծով:
Մինչ թրքական կողմը կը շարունակէր իր նախապայմանային լեզուով դրսեւորումները, հայրենի իշխանութիւնները պետական առաջին դէմքով, յանձինս նախագահին, կը յայտարարէին «արձանագրութիւններու վաւերացման ողջամիտ ժամկէտի աւարտը» նաեւ հաստատելով, թէ միջպետական երկխօսութեան ներկայ փուլը սպառած էր (22 ապրիլ 2010):
Վերոնշեալ յայտարարութիւնը կանխող եւ ազդարարող քայլով մը Հայաստանի նախագահը (24 մարտ 2010) կ՛այցելէր Տէր Զօր եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` Տէր Զօրը իբրեւ նոյն ցեղասպանութեան խորհրդանշային վայր միջազգայնօրէն հրապարակայնացնելու միտումով, զայն կը համեմատէր հրէական Օսվենցիմին հետ` հարց տալով, թէ` «ո՞ւր է հայկական Նիւրենպերկը»:
Հայկական կողմին ուղերձը կը յստակացնէր, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը նաեւ հետեւանքներու վերացման եւ արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը կը բովանդակէ: Աւա՜ղ, սակայն, Ա. համաշխարհային պատերազմի միջազգային յիշատակումներու ծիրէն ներս, հրապարակայնացուելու կոչուած Տէր Զօրի յուշահամալիրը այժմ քար ու քանդ վիճակի մէջ է եւ պատերազմի թոհուբոհին մէջ նոյնիսկ, դժուար չէ ենթադրել, թէ որո՛ւ մատնահետքերը կարելի է գտնել այդ քանդումին մէջ:
Առաւե՛լ շեշտակի, նոյն տարին Սեւրի դաշնագիրի 90-ամեակին առթիւ, հանրապետութեան նախագահը այցելելով նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի շիրիմը, կ՛ընդգծէր Սեւրի իրաւական եւ այժմէական նշանակութիւնը: Փաստօրէն, այսպիսով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ, թէկուզ ուղերձի տեսքով, հիմնարկէքը կը կատարէր հողային պահանջատիրութեան պետականացումին:
Իրադարձութիւններու յառաջապահը ըլլալու եւ պահանջուած անխուսափելի գործընթաց մը վիժեցնելով վերահսկելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ կանխելով Միացեալ Նահանգներ Քոնկրեսին մէջ իր իրաւազրկուած փոքրամասնութիւններուն առնչուող հատուցման թղթածրարի մը ծանրակշիռ ներկայացումը, թրքական դիւանագիտութիւնը մարտավարական նոր նրբերանգներ կը յայտնաբերէր իր զինանոցէն, երբ կառավարական որոշումով մը կը խոստանար վերադարձնել 1936-ին հաշուառուած եւ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններէն 1974-ի վճռաբեկ դատարանին որոշումով բռնագրաւուած ունեցուածքը (փոքրամասնութիւններու 162 հիմնադրամներու պատկանող անշարժ գոյքերը, որոնց մէջ` Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու 30 տարբեր շինութիւններ):
Հոս տեղին է արձանագրել, որ 1936-ի հաշուառումը եւ 1974-ի բռնագրաւումը ցեղասպան քաղաքականութեան վերջին արարներն էին, բռնի տեղահանուածներու լքեալ գոյքի նշանաւոր օրէնքին յաւելուածականները:
Թրքական կառավարութիւնը յայտնապէս միջազգային ընտանիքի աչքերուն փոշի կը ցանէ հատուցման այս մասնակի եւ սահմանափակ գործողութեամբ:
Թրքական կառավարութիւնը անկեղծ, արդար ու ամբողջական հատուցում տալու համար պէտք է վերադառնայ 1915-ի բռնի տեղահանուածներու լքեալ գոյքի օսմանեան օրէնքին ու անոր հիման վրայ կատարուած հաշուարկին եւ բռնագրաւումներուն:
Պատմական ակնարկով մը նշենք, որ 1915-ի մայիս 30-ին, օսմանեան կառավարութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած եւ 34 յօդուածներէ կազմուած գաղտնի հրահանգագիրի մը հիմամբ, շրջաբերականով մը ու ապա յունիս 10-ին յատուկ կանոնակարգով մը տեղահանութեան ենթարկուած շրջաններու մէջ կը ստեղծէր լքեալ գոյքը տնօրինելու դրութիւն` համապատասխան չորս յանձնաժողովներով: Ըստ Այիշէ Հիւրի կատարած ուսումնասիրութեան, մինչեւ յունուար 1916 ստեղծուած էին 33 լքեալ գոյքի տնօրինման յանձնաժողովներ: Իրականութեան մէջ լքեալ գոյքի այս յանձնաժողովները մեղմ ձեւակերպում էին բռնագաղթէն ետք պետական թալանի կոչուած օսմանեան վարչական մեքենային, որ տարագրուած հայու բնակարանները յանձնեց թուրք մուհաճիրներու, իսկ մնացեալը շարժական գոյքերու հետ դրաւ հանրային աճուրդի, որմէ գոյացած գումարներով հայերու անունով հաշուեգումարներ տեղադրուեցան պետական գանձարկղին մէջ:
Իսկ այդ հաշուեգումարները իրենց հասցէատէրերուն հաշուեյարդարի ենթարկած ըլլալու բերումով կամ անոնց «բնական» բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ֆինանսաւորեցին թրքական բանակի շղթայազերծած պատերազմը, երբեմն նոյնինքն հայոց տեղահանութիւնը կամ այդ գործը գլուխ հանած պետական պաշտօնակատարները եւ անոնց ընտանիքները` իբրեւ վարձատրութիւն ու պատիւ:
Այս դժոխային մեքենայութեանց մէջ պաշտօնական փաստն այն է, որ 1921-ի օգոստոս 7-ին երկրի կառավարումը իր ձեռքին կեդրոնացուցած Քեմալ Աթաթիւրք կը հրապարակէր 10 կէտերէ բաղկացած օրէնք մը, որուն 6-րդ յօդուածին համաձայն, հրահանգ կը տրուէր «բանակի կարիքները հոգալու համար գրաւել երկիրը լքածներու ունեցուածքը, որ անցած է պետական գանձարկղին մէջ»:
Առաւել բացայայտ, 1926-ին թրքական պետութիւնը յայտարարեց, որ իրաւասու է գրաւելու ոչ իսլամներու ունեցուածքը, որ ձեռք ձգուած է նախքան Լոզանի պայմանագիրին ի զօրու ըլլալը:
Հետեւաբար թուրք պետութեան` փոքրամասնութիւններու հանդէպ իրաւազրկումներու եւ բռնագրաւումներու սրբագրութիւնը պէտք է երթայ իր թունաւոր սկզբնաղբիւրին` 1915 թուական եւ դիտմամբ չկեդրոնանայ 1974-ի ժողովրդավարութենէ վիժած իր մէկ վարչակարգին, մարդկային իրաւունքներու հանդէպ անկարգութեան:
Բարեբախտաբար Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցիչներու տան թիւ 306 բանաձեւը, լուսանցք քշելով թրքական կառավարութեան որոշումը, կը պահանջէր թրքական պետութենէն հետեւեալները:
ա) Երկրին մէջ դադրեցնել բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւնները:
բ) Արտօնել եկեղեցիներուն` իրականացնելու կրօնական ծէսեր, մատուցել կրթական-ընկերային ծառայութիւններ` առանց սահմանափակումներու:
գ) Վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիները, կրթական կառոյցները, յուշարձանները, սրբավայրերը, ինչպէս նաեւ` շարժական գոյքը:
դ) Արտօնութիւն տալ քրիստոնեաներուն` նորոգելու վերոնշեալները:
Համաքրիստոնէական ծիրով ներկայացուած այս բանաձեւով, հայոց հատուցման թղթածրարին առնչութեամբ, առաւե՛լ լայն կարկին կ՛որդեգրուէր, զգուշացնելով թուրք պետութիւնը խտրական քաղաքականութեան շարունակութենէն:
Բնականաբար, ի դիմաց հատուցման գործընթացը վիժեցնելու մղող թուրք պետութեան, հայութիւնը առաւել մը կ՛արձանագրէր այս բանաձեւով: Թուրք պետութիւնը իր անհանգիստ կացութեամբ անուշադրութեան կը յանձնէր այս բանաձեւը եւ կ՛ոգեւորուէր Ֆրանսայի Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրէնքի սահմանադրական դատարանին կողմէ վիժումով:
Անգարան նոյնպէս գրեթէ անուշադրութեան կը յանձնէր մեր զոյգ կաթողիկոսներուն պահանջը` եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները վերադարձնելու գծով (ապրիլ 2013):
Ի դէպ, 1919-ին` Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին հայկական միացեալ պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած ցուցակը` եկեղեցիներու եւ եկեղեցապատկան կալուածներու առնչուող, կը նշէր 83 առաջնորդարաններ կամ եպիսկոպոսական աթոռներ, 1860 եկեղեցիներ ու մատուռներ, 229 վանական համալիրներ ու կալուածներ, 26 բարձրագոյն վարժարաններ, 1436 դպրոցներ եւ 42 որբանոցներ (վերոնշեալ ցուցակին մաս չէ կազմած Կարսի պայմանագրով Թուրքիոյ յանձնուած 93 եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ` Կ.Պոլսոյ ու անոր արուարձաններու 38 եկեղեցիները):
Օգոստոս 2011-ի թուրք կառավարութեան ծանօթ որոշումով 30 շինութիւններու նախատեսուող վերադարձը 1 առ հարիւրը չի կազմեր եկեղեցապատկան մեր ունեցուածքին… դեռ չանդրադարձանք եկեղեցապատկան շարժական գոյքերու եւ 25 հազարէ աւելի ձեռագիրներու մասին…
Թէեւ որոշ ուշացումով, սակայն բաւական ջղագրգիռ հակազդեցութեամբ հանդէս եկաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, երբ Հայաստանի գլխաւոր դատախազը` Աղուան Յովսէփեան (իբրեւ պետութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնատար), 5 յուլիս 2013-ին կայացած համահայկական իրաւաբաններու համաժողովին իբրեւ Ցեղասպանութեան հատուցման լիարժէք թղթածրարի ամբողջացում կ՛ընդգծէր հիմնական երեք հասցէատէրեր.
ա) Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները:
բ) Հայոց եկեղեցին, որուն պէտք է վերադարձուին կանգուն մնացած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները:
գ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները:
Այս առթիւ թրքական հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէր, թէ Հայաստանի յաւակնութիւնները թրքական հողերու նկատմամբ կը հակասէ միջազգային կառոյցներու սկզբունքներուն եւ այդ կարգի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը յայտարարութիւնը կը վկայէ «Հայաստանի մէջ տիրող խնդրայարոյց մտայնութեան մասին»: Հաղորդագրութիւնը սպառնալից կ՛եզրակացնէ, թէ` «բոլորը պէտք է հասկնան, որ ոչ ոք իրաւունք ունի Թուրքիայէն հողեր պահանջելու»:
Իրաւունքներու վերականգնման անհատականին, եկեղեցականին զուգահեռ, պետականի՛ն բարձրաձայնացումը, ա՛յն ալ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը դիրքէն, Թուրքիոյ համար կարմիր գիծ է արդէն:
Այս առճակատման մէջ Թուրքիոյ համար վրայ հասնող չարիքներուն մէջ նախընտրելի պիտի մնայ հայութիւնը տեսնել Ցեղասպանութեան ճանաչման սպառիչ վազքին մէջ, որուն համար տխրահռչակ արձանագրութեանց դրամագլուխէն վերցուած` երկխօսութեան ցուցադրական հոլովակը միշտ ալ պիտի գործածէ: Իսկ հատուցման թղթածրարին գծով Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը, թէկուզ կոտորակուած ու խիստ սահմանափակ` անհատական-քաղաքացիական եւ եկեղեցական-փոքրամասնական մակարդակներէն վե՛ր, պետակա՛ն մակարդակ, ա՛յն ալ` տարածքային պահանջատիրութեան բնոյթով, որեւէ՛ ձեւով պիտի չհանդուրժէ:
Մենք պէտք է լաւ ըմբռնենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը մեկնակէտ է հատուցման նպատակին եւ իրաւունքներու ամբողջական վերականգնման անցումին. իսկ որոշ շահագրգիռ կողմեր, Թուրքիոյ ծառացումէն անկախ մեր մեկնակէտը վերջակէտի կամ մասնակի եւ շուկայական հատուցումով մը կախման կէտերու վերածելու պայքարին մէջ պիտի ըլլան եւ պիտի փորձեն ներքին ճեղքեր յառաջացնել:
Մշուշապատումով թակարդ լարելու եւ գործընթաց շեղելու այս տրամաբանութեան կը հետեւի նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի նոր տեսութիւնը, որ ի յայտ կու գար սեւծովեան համաժողովի մասնակցութեան ծիրէն ներս, 2013-ի դեկտեմբերին Երեւան իր այցելութեամբ:
Այցելութենէն առաջ թրքական քարոզչամեքենան հայ-թրքական երկխօսութեան վերջափուլը կ՛աւետէր` ապացուցելով, թէ հայ-թրքական սահմանը եւրոպական ֆինանսաւորումով արդէն կ՛ականազերծուի եւ հայկական կողմը համաձայն գտնուած է իր զօրքերը դուրս բերել Ղարաբաղի շրջակայ բռնագրաւուած երկու տարածքներէ:
Տաւութօղլու երեւանեան իր այցին, թուրք լրագրողներու դռնփակ հանդիպման ընթացքին, 1915-ի տեղահանութիւնը անմարդկային որակելով յայտնած է, որ Թուրքիան չէ աջակցած այդ քայլին. իսկ Հանրային խորհուրդի նախագահ, նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանի հետ հանդիպումին Տաւութօղլու աւելցուցած է, որ իրենք սփիւռքահայերու հետ յատուկ քաղաքականութիւն պիտի վարեն` առաջարկելով անոնց, որ վերադառնան:
Տաւութօղլու իր տեսութիւնը պարզաբանած է նաեւ հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հաւաքին. ըստ անոր, այսօրուան հայկական սփիւռքը շարունակութիւնն է օսմանցի նախկին քաղաքացիներու, որոնք անմարդկայնօրէն տեղահանուած են. հետեւաբար անմարդկայնօրէն տեղահանուածներու ժառանգորդները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց երկիրը, վերականգնելու իրենց քաղաքացիութիւնը, որուն հիմամբ անոնք պիտի վերատիրանան իրենց ինչքերուն եւ կալուածներուն, կամ իրաւունք պիտի ունենան հատուցում ստանալու այս բոլորին դիմաց:
Նախ անդրադառնանք օսմանեան պետութիւնը ներկայ թրքական պետութենէն տարբերակելու հին խաղին` հաստատելով, որ ներկայ Թուրքիան ուղղակի ժառանգորդն է օսմանեան կայսրութեեան իրաւաքաղաքական առումով. իսկ հայկական ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան առնչութեամբ, քեմալական Թուրքիան նոյնքա՛ն եւ աւելի՛ պատասխանատու է, ո՛չ միայն ազգաջինջ իր քաղաքականութեամբ, այլեւ ազգը պատսպարած Հայաստանի նորանկախ հանրապետութիւնը ոչնչացնելու յստակ ծրագիրով: Պատմական փոքր նշում մը հարցը կը յստակացնէ: Քեմալ Աթաթուրքի հովանաւորեալ եւ Թուրքիոյ Ազգային մեճլիսի ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց պաշտօնակատար` Ահմեթ Մուխթար 1920 նոյեմբեր 8-ին, արեւելեան ռազմաճակատի հրամանատար Քարապեքրին ուղղուած ծածկագիրով կը հրահանգէ, որ` «բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, որ Հայաստանը քաղաքականապէս եւ նիւթապէս վերցուի», որպէսզի կովկասեան պատի քանդումով մահմետական ազգերը վերջնականապէս միանան:
Ինչ կը վերաբերի քաղաքացիութեան խնդիրին, մե՛նք հարցնենք: Չէ՞ որ 1927-ին հրապարակուած օրէնքով երկիրը լքածները եւ դուրս գտնուողները կը զրկուէին թրքական քաղաքացիութենէն, այսօր ինչո՞ւ անոնք հրաւիրուած են վերականգնելու իրենց քաղաքացիութիւնը, որպէսզի իրենց ինչքերո՞ւն վերատիրանան կամ փոխհատուցո՞ւմ ստանան: Այս բոլորին մէջ ինչո՞ւ յղում կը կատարուի քաղաքացիութեան վերականգնում:
Ասկէ անկախ, Տաւութօղլուն հայրենադարձութեան այս կեղծ հրաւէրը ուղղելէ առաջ պէտք է յիշէ, որ իր վարչապետը Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իբրեւ ջղագրգիռ արձագանգ, ՊիՊիՍի կայանէն կը սպառնար հարիւր հազարի հասնող հայաստանցիները իր երկրէն վտարել… իսկ հիմա այս հրաւէրին ո՞ր բաժնին հաւատալ: Թուրքիոյ մէջ ո՞վ չի գիտեր, որ երկրի ամբողջ ենթակառոյցը իր ստեղծման օրէն կառուցուած է անմարդկօրէն տեղահանուածներու ինչքերով ու հարստութեամբ եւ երկրի դրամագլուխի թրքացումը, ի հեճուկս բռնի տեղահանուածներուն մնայուն գործընթաց եղած է:
Ո՞վ չի գիտեր, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող, անոր պետական էութիւնը խորհրդանշող վարչական թիւ 1 պալատը` նախագահական նստավայրը նշանաւոր Չայնքա՛յը նոյնիսկ հայու կը պատկանի. անիկա Գասապեաններուն տունն է:
Թուրք պետական վարիչները եթէ քաջ են, թո՛ղ հրամմեն եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին պարպեն նախագահական նստավայրը. նախագահ Կիւլը դո՛ւրս թող գայ պալատէն եւ պալատին բանալիները յանձնէ՛ տանտիրոջ ժառանգորդներուն:
Թուրք պետական վարիչները պէտք է լաւ իմանան նաեւ, որ հայկական ներկայ սփիւռքը, 1919-ի միացեալ Հայաստանի հռչակագիրով ու այնուհետեւ 1920 նոյեմբեր 22-ի նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով, դադրած է օսմանեան սփիւռքի շառաւիղը հանդիսանալէ. միջազգային իրաւարար վճիռով Արեւմտահայաստանի տարածքները հայկական գերիշխանութեամբ ինքնորոշուած տարածքներ են, եւ ուշ կամ կանուխ այդ տարածքներու ներկայ բնակիչներն ու բռնի տեղահանուածներուն ժառանգորդները հպարտօրէն պիտի զգենուն հայկական քաղաքացիութիւն:
* * *
Արեւմտահայ մնացորդացը կ՛ապրի խուլ զարթօնք մը: Ոգեւորիչ է տեսնել, որ անոնք իրենց ինքնութեան փնտռտուքէն կ՛անցնին ահաւասիկ ինքնութեան հաստատման հանգրուանին, երբ համշէնահայութիւնը Ալիս Ալթիի ներշնչումով կը նայի «պատմութեան հայելիին մէջ», երբ Սասնոյ հայերու միութիւնը հայկական յուշակոթողներու պաշտպանութեան դրօշը կը բարձրացնէ, երբ Տէրսիմի հայերը կը շարժին եւ Թոքաթի, Ատըեամանի մէջ 20 հազար հայերու ինքնութիւնը կը բացայայտուի…
Ազատագրական պայքար մղող կազմակերպութեանց համար խիստ անհրաժեշտ է բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ ունենալ ժողովրդային յենարան` իբրեւ պահեստային ուժ ու կռուան (վկայ արցախեան ազատամարտը). այս գծով յանձնառու պէտք է ըլլալ արեւմտահայ մնացորդացի զարթօնքին եւ անքակտելի կամուրջներ հիւսել անոնց հետ:
Ի վերջոյ, ամէն բանէ առաջ, մե՛նք ենք տէրը այդ մնացորդացին:
Իրադրային այս համայնապատկերին վրայ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը վերադառնայ Պոլիս, թէկուզ` Ընկերվար միջազգայնականի խորհրդաժողովի դռնէն եւ իր երկրորդ հանդիպումը կ՛ունենայ քրտամէտ «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան հետ:
Մինչ այդ, Ուաշինկթընի մէջ առաջին հանդիպումով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէր, թէ` «միասնաբար քննարկած են արեւմտեան Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի այժմու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայ եւ քիւրտ ազգերու ազգային եւ ժողովրդավարական իղձերը»:
Միւս կողմէ` Թուրքիոյ խաղաղասիրական այս խուսանաւումներուն զուգահեռ, Ազրպէյճան չի դադրիր ռազմական իր հռետորաբանութենէն ու իր շռայլ զինարշաւէն` պարբերաբար շիկացնելով ռազմաճակատները: Ասոր դիմաց, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր զինուորական յաղթանակը իրաւաքաղաքական դաշտի վրայ թարգմանելու ուղղութեամբ` յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ռահվիրա պետութիւնը` Ուրուկուէյը, իր արտաքին գործոց նախարարով տէր կը կանգնի Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին ու Միացեալ Նահանգների եւ Աւստրալիոյ շարք մը նահանգային խորհրդարաններ կը ճանչնան Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Մեր խոր համոզումով, այս պահուն Հայաստանի կողմէ ԼՂՀ-ի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի մը յայտարարութիւնը մէկ կողմէ պատգամ պիտի յղէ Ազրպէյճանի ռազմական սանձազերծութեան, միւս կողմէ` շարժիչ լծակ մը պիտի հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման արշաւին:
Տարածաշրջանային թատերաբեմին վրայ, 2003-էն ի վեր, երբ Միացեալ Նահանգները իր զինուժը դուրս բերելով Իրաքէն, բաց մը ստեղծեցին, Թուրքիան յաւակնեցաւ այդ բացը լրացնել եւ տարածաշրջանային գործընթացներու ղեկավարը հանդիսանալ` նոր օսմանականութեան մը տարազով: Քաղաքական այս վարքագիծը (դեկտ. 2010-ին) Տաւութօղլու «Ուաշինկթըն Փոսթին» կը բացատրէ հռետորական հետեւեալ հարցադրումով.
«Եթէ Բրիտանիա հասարակապետութիւն մը ունի, ինչո՞ւ Թուրքիա Պալքաններու, Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ` իր նախկին օսմանեան հողերուն վրայ իր ղեկավարութիւնը պէտք չէ վերակառուցէ»:
Պէտք է արձանագրել, որ Թուրքիա կարողացաւ գրեթէ ամբողջ տասնամեակ մը շրջանին մէջ իր ղեկավարութիւնը վերակառուցել տաւոսեան իր դիւանագիտական բեմագրութեամբ, «Մաւի Մարմարա»-ի նաւուն ծանօթ միջադէպին դրամագլուխով, ինչպէս նաեւ` «Արաբական գարուն»-ի սկիզբը` իր իսլամական ժողովրդավարութեան բնորդը հրամցնելով շրջանի ժողովուրդներուն:
Սակայն, երբ վրայ հասաւ սուրիական տագնապը, Թուրքիան չկարողացաւ թաքցնել իր իսկական ախորժակները, երբ անդադար շեփորեց զինուորական արտաքին միջամտութեան մը կարիքը եւ Սուրիոյ տարածքէն ներս ապահովական գօտի մը ստեղծելու ծրագիրը:
Տագնապի ռազմականացման առաջին իսկ փուլին, թրքական լրատուադաշտը շրջառնութեան մէջ կը դնէր Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիսը վալիի մը նշանակման լուրը, որ իբր թէ պիտի տնօրինէր գաղթականներու զանազան հարցերը. նոյն աղբիւրները կը սպրդեցնէին տուեալներ, ըստ որոնց, Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնները շրջանի թուրքմեններէն կազմած են «Մուհամետ աշխարհակալ»-ի եւ «Սուլթան Ապտիւլ Համիտ»-ի օսմանեան անուններով` զինուորական երկու վաշտեր, որոնք Իտլիպ նահանգը ընտրած են իբրեւ ռազմական յենակայան:
Զինուորական արտաքին միջամտութեան մը դիմելու միջազգային դժկամութեան պայմաններուն տակ, Թուրքիան չվարանեցաւ նաեւ ահաբեկիչներու միջոցով քիմիական զէնքի գործածութեան սադրանք կազմակերպելու, որպէսզի միջամտութեան կանաչ լոյսը ի վերջոյ վառի, եւ ինք յառաջապահը ըլլայ այդ միջամտութեան: Այսպէս` շրջանին մէջ Թուրքիոյ դիմակը սկսաւ վար առնուիլ, եւ անոր վարկանիշը անկումային ընթացք մը ճշդեց:
* * *
Թրքական աշխուժութիւնը ջղագրգիռ հակազդեցութեան մը վերածուեցաւ, երբ իր սահմանին վրայ քիւրտերը ռազմաքաղաքական գործօնի մը վերածուեցան եւ իր սահմանէն ներս ալեւիական ըմբոստ խմորումներ ընթացք առին:
Ասկէ մեկնած, ինչպէս նաեւ` միջազգային առճակատման սրընթաց կանոններով, որուն համաձայն, Խրիմի դիմաց` Ռուսիոյ միջերկրականեան խարիսխը կը թիրախաւորուէր, իսկ Խրիմի պատանդուած թաթարներուն դիմաց` պատանդի մը փնտռտուքը տեղի կ՛ունենար, Թուրքիան կ՛օրհնէր հայկական Քեսապի զաւթումը:
Այս բոլորին մէջ դիտարժան կը մնայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ 96 հաղորդագրութիւնը, որ ամփոփ գիծերով կը մերժէ որեւէ մեղսակցութիւն Քեսապի ողբերգութեան, կը դատապարտէ ոմանց կողմէ Քեսապի ներկայ իրադարձութեանց զուգորդումը անցեալի ցաւալի դէպքերուն եւ հրաւէր կ՛ուղղէ Քեսապի գաղթականութեան` պատսպարուելու Թուրքիոյ մէջ:
Չ՛արժեր անգամ մը եւս անդրադառնալ տարբեր առիթներով հայութեան ուղղուած եւ վերջերս շատ կրկնուող թրքական մարդասիրական եւ խաղաղասիրական հրաւէրներուն. քիչ առաջ անդրադարձանք անոր: Սակայն ողբերգութեան մեղսակցութեան մերժումին գծով կ՛ուզենք արձանագրել, թէ ներկայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բերումով, անկարելի՛ է թաքցնել Թուրքիոյ սադրանքը, երբ Քեսապի ուղղութեամբ հրթիռարձակումներն ու ռմբակոծումը կը կատարուէր թրքական տարածքէն: Անկարելի՛ է թաքցնել Թուրքիոյ սադրանքը, երբ ծայրայեղական հատուածներ ամբողջ սպառազինութեամբ կը հատեն սահմանագիծի ամբողջ երկարութիւնը, նա՛եւ` թրքական պաշտօնական անցակէտէն:
Շղթայազերծուած յարձակումին թրքական աջակցութիւնը ակնյայտ է, երբ սահմանէն եօթը քմ ներս, սուրիական պետութեան օդուժի օդանաւը վար կ՛առնուի թրքական բանակին կողմէ` ահաբեկչական զօրամիաւորումներու յառաջխաղացքը ապահովելու համար: Բոլորս տեսանք նաեւ, որ չեչեն, ազերի եւ տարբեր ազգութեամբ զինեալներ Քեսապի տարածքէն ներս, թրքական դրօշ պարզած, կը պարծենան սրբազան պատերազմի մը մասնակցած ըլլալնուն համար: Ասկէ անկախ, կը բաւէ լսել մեր հայրենակիցներուն վկայութիւնները:
Ինչ կը վերաբերի ներկայ իրադարձութեանց հետ անցեալի ցաւալի դէպքերուն զուգորդման դատապարտումին, կրնանք բարձրաձայնել, թէ բոլոր տուեալներն ու հիմքերը ունինք ներկայի ողբերգութիւնը առնչելու ե՛ւ անցեալի ցաւալի դէպքերուն, ե՛ւ տարածաշրջանի նորագոյն պատմութեան մէջ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան: Օսմանեան ժառանգորդ նո՛յն ցեղասպան Թուրքիան է, որ 1909-ի Ատանայի ջարդերուն եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան իր ոճրային ծրագիրին մէջ նկատի ունէր ողջ հայութիւնը:
Օսմանեան ժառանգորդ նոյն Թուրքիան է, որ շրջափակելով նորանկախ Հայաստանը, ազրպէյճանական նկրտումներուն թեւ ու թիկունք կը հանդիսանայ փորձելով մեկուսացնել եւ ծունկի բերել Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:
Քեսապահայութեան տեղահանման փաստը ահաւասի՛կ ամիս մը բոլորած է: Ցնցուած ենք բոլորս:
Ցնցումէն դուրս գալու եւ սթափ վերականգնելու նախապայմանը կը կայանայ քաղաքական այն ինքնագիտակցութեան մէջ, որ Քեսապը հայրենիքի բեկոր կը համարէ, ռազմաքաղաքական այն հաշուարկով նաեւ, որ Քեսապը ամբողջական հայրենիքի պահանջատիրական մեր մեծ երթին մէկ կարեւոր կռուանն ու դարպասն է, ինչպէս` Արեւմտեան Հայաստանի մօտ որեւէ հայաբնակ գօտի:
Համահայկական զօրաշարժը պէտք է ընդունի ռազմաքաղաքական ա՛յս մեկնակէտը, այլապէս անիկա կը վերածուի պարագայական կարեկցանքի քաղքենի դրսեւորումի մը, որ պատրուակներ պիտի գտնէ մխիթարուելու:
Առանց ներքաշուելու ներսուրիական հակամարտութեան տարբեր թակարդներուն մէջ, մենք իբրեւ քաղաքացիական հատուած, մեր շրջահայեացութեամբ, բայց նաեւ իրաւատիրութեան ուժակա՛ն վճռակամութեամբ պիտի կարենանք պաշտպանել մեր իրաւունքները:
Ասկէ ետք, ոչ ոք թող ենթադրէ, որ մեր չէզոքութիւնը կը վերաբերի մեր իրաւունքներու ոտնահարման, մեր գոյութեան վտանգին եւ մեր արդար սեփականութեան թալանին նաեւ:
Քեսապահայութեան զաւթուած իրաւունքները իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու մարտահրաւէրը բոլորիս կը վերաբերի, քաջ գիտնալով, որ այդ իրաւունքներու վերադարձէն կախեալ է համագաղութային ու համահայկական մեր ամրութիւնը, ինչպէս նաեւ` պահանջատիրական մեր երթին մէկ կարեւոր զսպանակը, որ հայը իր հայրենի բնօրրանին շուրջ կը պահէ:
* * *
Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձի սեմին, յստակ է այլեւս, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման պահանջատիրութենէն կ՛անցնինք հատուցման պահանջատիրութեան:
Այս գործընթացը միայն իրաւաքաղաքական թղթածրարի պատրաստութիւն չէ. անոր յենարանը կ՛ենթադրէ ռազմաքաղաքական ներուժի կուտակո՛ւմ, երբ արցախեան գօտեմարտը ամրագրած է իր դիւանագիտական յաղթերթը, երբ հայրենի պետականութիւնը հաշուառելի եւ անշրջանցելի ազդեցիկ գործօնի մը վերածուած է տարածաշրջանէն ներս եւ հայկական սփիւռքը կրակէ գօտի մը հիւսած է անոր շուրջ:
Ռազմաքաղաքական ներուժի կուտակումը կ՛ենթադրէ նաեւ պահանջատիրական կարողականութեանց ու լծակներու ամբողջական արժեւորում եւ լարում: Այս լարման մէջ քաղաքականացած ու մարտունակ երիտասարդութեան վիճակուած է առաջնորդե՛լ Հայ դատին ծառայելու ուխտակրութեան մեր ջահերը, պատասխանատուութեան այն գիտակցութեամբ, որ մեր ներկայով պիտի ներշնչե՛նք վաղուան պայծառ ապագան…
23/4/2014

