Խմբագրական «Հորիզոն»-Ի Պահանջատիրութեան Ոգորումը Բարեյաջող Աւարտին Հասցնելու Ի Խնդիր

0305horizonՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հայ ժողովուրդի եւ անոր քաղաքական բոլոր հոսանքներուն դիմաց դրուած է թրքական կողմի օր ըստ օրէ ծաւալող հակաքարոզչական գործընթացը:

Անցնող տարիներուն յստակօրէն սկսաւ ուրուագծուիլ թրքական կողմին հակաքարոզչական պայքարի մարտավարութիւնը, որուն անմիջական նեցուկն ու սատարողը կը հանդիսանան Պաքուի իշխանութիւնները: Արդարեւ, վերջին տասնամեակին Անգարայի կողմէ ընդհանրացան պատմութեան նենգափոխման նպատակաուղղուած գիտաժողովներն ու պատմական կեղծիքներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններու հրատարակումները: Այլ գետնի վրայ շարունակուեցան Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հարցերուն շուրջ հարցականներ ու շփոթ յառաջացնելու միտումով միջազգային իրաւական ատեաններու սեղանին վրայ հարցը օրակարգի վերածելու թրքական իշխանութեանց հետեւողական փորձերը:

Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, անկիւնադարձային այս արարին անհրաժեշտ է ճշդել նաեւ պահանջատիրութեան գծով հայ ազգի յառաջիկայ ռազմավարութիւնը: Ցեղասպանութեան ճանաչման անմիջականօրէն կապուած է հատուցման հարցը, որ իրողութեան մէջ իրաւազրկուած հայ ժողովուրդի արդարութեան վերականգնման յաջորդ հանգրուանն է: Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթական եւ բարոյական հատուցումներէն անկախ` յաջորդ հանգրուանը հողային պահանջատիրութեան խնդիրն է:

21-րդ դարու հայ նորահաս սերունդի ազգային գիտակցութեան մէջ պէտք է ամրօրէն դրոշմուի այն հասկացողութիւնը, որ Արեւմտահայաստանը հայրենասիրական երգերու կամ դասագիրքերու շրջագծէն դուրս` շնչող ու ապրող իրականութիւն է: Նոյնպէս` հայութեան վտարանդի զանգուածներու Արեւմտահայաստան վերադարձը հայ ժողովուրդի վաղուան պատմական առաքելութիւնն է, ազգային գերագոյն ծրագիրն է:

Պահանջատիրութեան գծով հայութեան կազմակերպման հրամայականը առաջնահերթ մտասեւեռում պէտք է դառնայ հայ քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ համախմբումներուն համար: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ սփիւռքի ու հայրենի պետական մակարդակի վրայ կատարուելիք աշխատանքներու եւ առաջադրանքներու կազմակերպման համակարգումը` Հայ դատի համահայկական զօրաշարժի առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար:

Պէտք է ազգովին գիտակցինք, որ Հայ դատի յաղթանակով ոչ միայն տիրացած կ՛ըլլանք մեր անժամանցելի իրաւունքներուն, այլեւ հաստատ հիմերու վրայ կ՛ամրագրենք մեր պետութիւնը, կ՛երաշխաւորենք հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ վերստին կը կերտենք հայ ժողովուրդին յաղթական պատմական երթը:

Մեր պարտքն է կանգուն եւ անխորտակ պահել  դիմադրականութեան եւ գոյատեւելիութեան պատուարները, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը:

Նման մարտահրաւէրներու դիմաց հայ ժողովուրդը ընկրկելու փորձութեան ենթարկուելու շռայլութիւնը չունի: Պահանջուածը հայութեան բոլոր հատուածներու հաւաքագրումն է պատնէշներուն դիմաց, որպէսզի սասունցիներու, վանեցիներու, մուսալեռցիներու եւ մշեցիներու շառաւիղները` մենք, մեր անժամանցելի իրաւունքներուն տիրանալու ճանապարհին կանգուն եւ անխորտակ պահենք մեր գոյատեւելիութեան պատուարները, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը, մինչեւ որ պատմական իր բնօրրանին վրայ ազատօրէն ապրի հայութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES