Խմբագրական «Ազատ Օր»-Ի Հայութեան Իրաւունքներու Ամբողջական Հատուցման Աննկուն Պայքարի Ճամբուն Վրայ
Ժամանակն է գիտակցելու, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն հազիւ տարի մը առաջ, բոլորովին տարբեր անկիւնէ կ՛ոգեկոչենք 24 ապրիլ 1915-ի անմեղ զոհերուն յիշատակը, ամբողջական հատուցման մեր պահանջը ներկայացնելով աշխարհին:
Օսմանեան կայսրութեան տիրակալ թրքական պետութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման հարցը, տարբեր հանգրուաններէ անցաւ նախորդած 99 տարիներուն ընթացքին: Եթէ Մեծ եղեռնի յիսնամեակը պահանջատիրութեան ազդանշանը տուաւ հոգեհանգիստներէն եւ փակ սրահներու հանդիսութիւններէն անդին անցնելու եւ Հայ դատի քաղաքական պայքարին լծուելու հանգրուանին, ապա տարի մը ետք` 2015-ին նշուելիք Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը պիտի յատկանշէ կարեւոր այն թուականը, երբ համայն հայութիւնը, իր պետականութեամբ եւ անոր շուրջ բոլորուած աշխարհասփիւռ օճախներով, աշխարհին ու յատկապէս Թուրքիոյ պիտի ներկայանայ ապրիլ 24-ին քաղաքական այժմէական իմաստը շեշտելու եւ հայոց ազգային իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը պարտադրելու օրակարգով:
Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդ սերունդները տէր կը կանգնին ու իրենց ուսերուն վրայ կը վերցնեն արդարութեան վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման եւ ամբողջական հատուցման պայքարի շարունակականութիւնը` իրենց ձեռքին բռնելով հայոց բռնագրաւեալ ինչքերու կալուածագրերու հաստաբեստ թղթածրարը, ի լուր ամբողջ աշխարհին յայտարարելով, թէ պահն է ա՛յս շեշտադրումով ներկայանալու միջազգային ամէն կարգի ատեաններուն առջեւ, պահանջելով մեր ազգի արդար հատուցումը:
Արդեօք ինչպէ՞ս ամրագրուած են ժողովուրդներուն մօտ ազգային պատմութեան ու յուշի հանգրուանները: Որքա՞ն դիւրութեամբ կարելի է պատմութեան էջերէն պահել միայն փառաւորը եւ ջնջել բծաւոր կէտերը: Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է տայ Թուրքիոյ ընկերութիւնը, որ տարիներ շարունակ ենթակայ մնաց իր պատմութեան սեւ էջերէն խուսափելու խարխափումին: Համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ ապրող ընկերութիւնները պատմութիւնը այլափոխելու հնարաւորութիւնը չունին այլեւս, որովհետեւ ճշմարտութիւնը մէջտեղն է, կարելի չէ խուսափիլ անկէ: Այս երեւոյթներուն հետեւանք է արդէն թուրք հասարակութեան մօտ հետզհետէ աճող այն գիտակցութիւնը,` թէ պէտք է ճանչնալ եւ ընդունիլ սեփական պատմութիւնը, տէր կանգնիլ անոր եւ մարդկային արժէքներու սկզբունքներու հիմամբ լուծել յարուցուած հարցերը:
Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայութեան վերապահուած…«ցաւակցութիւնը», պղտոր պատգամ մըն էր նոյնինքն իր երկրի հասարակութեան, եւ ոչ թէ` հաշտեցման քայլ կամ բարի տրամադրութիւն հայութեան հանդէպ, այնպէս` ինչպէս միջազգային եւ յունական լրատուամիջոցները աճապարանքով փութացին բնորոշել Թուրքիոյ վարչապետին արտասանած խօսքերը: Ժամանակակից թուրք ընկերութիւնը Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մէջ ապրած ընկերութիւն է, որ գիտցա՛ւ, լռե՛ց, հարստութիւնները օգտագործե՛ց, իր պետութեան վարած քաղաքականութեան մեղսակից դարձաւ: Բայց` ոչ այլեւս: Ո՛չ այլեւս, որովհետեւ կարելի չէ ընդմիշտ ապրիլ սուտի ու կեղծիքի մէջ, որ կը թունաւորէ յաջորդական սերունդները եւ ամբողջ ժողովուրդ մը կը զրկէ ազգային հպարտութեան զգացումը ունենալէ:
Կարճ ու կտրուկ բանաձեւումով` ազգերու ու պետութիւններու այսօրուան աշխարհին խիղճին համար պարզ ու հասկնալի պէտք է ըլլայ, որ Հայկական հարցը կրնայ լուծուիլ միայն հայ ազգի` իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհի, իրաւունքին եւ արդարութեան ամբողջական վերականգնումով, հողային ու քաղաքական հատուցման ճամբով:
Որքան աւելի միասնական եւ ուժեղ ըլլայ այս պահանջատիրութիւնը` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կառոյցներուն, սփիւռքի հայօճախներու ազգային-եկեղեցական ու քաղաքական-հասարակական ղեկավար ուժերուն եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի հնարաւորութեանց համադրուած զօրաշարժով, այնքան աւելի մօտեցած կ՛ըլլայ պահը, երբ Թուրքիան պիտի ստիպուի միջազգային դատական ատեաններու վճիռներուն ենթարկուելու եւ կատարելու արդար հատուցման իր պարտաւորութիւնը:

