Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Պահանջատիրութիւնը Պիտի Շարունակենք Նոր Թափով Եւ Ուժականութեամբ
Զ. Պ.
Հայոց ցեղասպանութեան 99¬ամեակը կը բոլորենք քաղաքական խառն իրավիճակի եւ միջազգային ուժերու ժամանակակից դասաւորման լոյսին տակ:
Տարիներու թաւալումն ու քաղաքական վերիվայրումները ժխտական ազդեցութիւն չունեցան երբե՛ք Հայ դատի էական նպատակին ձգտելու մեր ժողովուրդի վճռակամութեան վրայ: Ընդհակառա՛կն. Հայ դատի յանձնախումբերու, Հայաստանի եւ զոյգ կաթողիկոսներու միասնական պայքարն ու համահունչ կեցուածքը յաջողեցան հայ քաղաքական միտքը պահանջատիրական յստակ ուղղութեան մէջ պահել եւ ձախողութեան մատնել միասնական մեր պայքարին մէջ ճեղքեր յառաջացնելու հակառակորդին փորձերը:
Հայ դատին ցարդ նուաճած ձեռքբերումները հանգրուան մը կը կազմեն անոր վախճանական նպատակին հասնելու ուղիին մէջ:
Պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ անհրաժեշտ է յատկապէս դիւանագիտական, իրաւական եւ պատմագիտական մասնագիտութիւններով առաւել արհեստավարժ մարդուժի ներառումը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայկական կողմին աշխատանքներուն գլխաւոր խոչընդոտը կը շարունակէ հանդիսանալ Թուրքիան` ուրացման շարունակուող իր քաղաքականութեամբ եւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու իր անհատնում փորձերով:
Ու թէեւ տարիներ շարունակ կեղծ քարոզչութեամբ սնած թրքական հասարակութիւնը աստիճանաբար աւելի ցայտուն միջոցներով կը փորձէ պարզել պատմական ճշմարտութիւնները, այնուամենայնիւ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը էապէս կը շարունակէ մնալ ժխտողականութեան հունին մէջ:
Թուրքիոյ պետական այրերուն կողմէ մերթ ընդ մերթ հնչող «բարի կամեցողութեան» արտայայտութիւնները միջազգային ճնշումներուն դիմաց արդարացման մարտավարական խաբուսիկ միջոցներ են պարզապէս: Նման փորձ մըն էր 23 ապրիլին Թուրքիոյ վարչապետին` հայ ժողովուրդին ուղղած «ցաւակցական» ուղերձը` 100-ամեակի սեմին Հայոց ցեղասպանութիւնը պարպելու իր իրաւական եւ քաղաքական էութենէն եւ քողարկելու զայն այսպէս կոչուած «ցաւալի դէպքեր»-ու պիտակին տակ:
Որքան ալ աննախընթաց թուի Թուրքիոյ վարչապետին այս քայլը, անիկա հեռու կը մնայ իրական զղջումի արտայայտութենէ: Աւելի՛ն. անիկա կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը եւ կը փորձէ նոյնացնել օսմանեան կայսրութեան շրջանին պատահած բոլոր դէպքերն ու ցաւերը` անտեսելով այն հանգամանքը , որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած ու իրագործուած սպանդ էր օսմանեան եւ հանրապետական Թուրքիոյ պետութեան կողմէ:
Էրտողան իր յայտարարութեան մէջ կը կրկնէ «պատմական յանձնաժողով» կազմելու անընդունելի յանկերգը` ուրանալով միջազգային առումով եւ բազմաթիւ անկախ մասնագէտներու կողմէ փաստագրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հաստատումը: Այստեղ եւս անոր նպատակը յստակ է. Թուրքիոյ պետութեան ժխտումի քաղաքականութիւնը քողարկելով` խնդիրը վերածել պատմական վէճի:
Թուրքիոյ վարչապետը զգացական իր ուղերձով կը փորձէ նաեւ թաքցնել Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը` սկսած Հայաստանի ցամաքային անօրէն շրջափակումէն, հասնելով մինչեւ հակահայ քարոզչութիւն եւ աշխարհով մէկ տարուող ժխտողական աշխատանք, փոխարէնը մեղմացնելու միջազգային ընտանիքին կողմէ իր ղեկավարած պետութեան վրայ բանեցուող պատմութեան հետ առերեսման ճնշումը, կրկին անգամ զրկելով թուրք հասարակութիւնը եղելութիւններու էութիւնը իմանալու հնարաւորութենէն:
Այս բոլորին դիմաց, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայկական կողմին աշխատանքները առաւել ուժեղ թափ եւ տարողութիւն պէտք է ստանան:

