Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սերունդէ Սերունդ…
«Ամէն մարդու ծննդավայրը, հոգ չէ թէ ան խոպան ու անջրդի տեղ մը եղած ըլլայ, քաղցր է իրեն համար: Անոր համար, որ մէկը իր առաջին քայլերը անոր հողին վրայ կ՛առնէ, ու երբ վար իյնայ, իր ճակատը կը զարնէ անոր քարերուն, թէ ոչ` ուրիշ պատճառ մը կայ, չգիտեմ, բայց իմինն ալ, ուրիշներու ունեցածին պէս, քաղցր է ինձ համար»:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
Տարագիր, հալածուած ու ցիրուցան եղած հայութիւնը թօթափած է իր ողբերգութիւնը: Բարդոյթ մը, որուն կամայ թէ ակամայ իրատես եղած ենք եւ դեռ ալ կ՛ըլլանք:
Սերունդները կը փոխուին, ինքնաբերաբար իրենց հետ նաեւ կատարելով փոփոխութիւններ: Այսպէս բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ նաեւ հայորդիին նոր կենցաղը, մտայնութիւնն ու բարոյականը:
Պատահածը սպասուած իրականութիւն մըն էր: Սփիւռքահայ զանազան գաղթօճախներու մէջ, բնական է որ հայորդին քայլ պահէր տեղւոյն ապրելակերպին հետ: Այսպէս, հայ գիւղացին փոխած էր իր տեղն ու վայրը եւ դարձած վաճառական, արհեստաւոր, ճարտարագէտ եւ այլն:
Այո՛, նաեւ փոխուած էին բարոյական ըմբռնումները: Հայորդին քաղքենիացած է: Բարոյական նոր ըմբռնում` յաջողիլ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին:
Այս գծով, տեղին է անգամ մը եւս յիշել ու նկարագրել Արամ Հայկազի այդ տպաւորիչ եւ յուզիչ խօսքերը, ուր ան…«համաշխարհայնացում» կոչեցեալ արհաւիրքէն շատ առաջ, նկատելով Արեւմտեան աշխարհի չափազանցութիւնները, մեծ յուսախաբութեամբ կ՛արտայայտուէր անփառունակ «Սանթա Քլոզ»-ին մասին, եւ ինքզինք մանուկի մը տեղ դնելով կը պահանջէր… խորհուրդի, առասպելներու եւ հրաշքի մէջ թաթխուած Կաղանդ պապը, որ իր հեքիաթներով, մրրիկներու շունչով, դէպի աղբիւր վազքով, մխացող օճախներով, գիտէր գաղտնիքը ծխնելոյզներէն անշշուկ վար իջնելու եւ տղոց գուլպաներն ու կօշիկները լեցնելու:
Այսպէս… Հայութեան եւ առհասարակ հայ մշակոյթի եւ պարզ սովորութիւններու պահպանման եւ յաւերժացման հարցը յաճախ կը դրուէր մասնաւորաբար հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ, որոնք կրցան վերակառուցել փուլ եկածն ու քանդուածը:
Եւ այսօր, այդ աշխատանքը կը շարունակուի սերունդէ սերունդ: Հայեցի դաստիարակութիւն` դպրոցական թէ արտա-դպրոցական բնագաւառներուն մէջ, նոյնքան կարեւորութեամբ:
Կապուած ու կամրջուած է հայը իր անցեալին հետ:
Դպրոց, լեզու, գիր, մշակոյթ, գաղափարական երիտասարդութիւն, որ տէր դարձած է իր պատմութեան, հարուստ ժառանգութեան եւ տոհմին:
Սերունդէ սերունդ…աշխատանքը կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութեան սեմին: Հայրենահանուած հայը դիմած է հայրենադարձութեան, եւ այդ ալ ոչ թէ միայն Հայաստան եւ Արցախ, այլ նաեւ` Արեւմտահայաստան:
Ծանօթ.-
Խմբագրականին հետ տեղադրուած նկարը, որ «Հայրենիք»ի ապրիլ 24-ի բացառիկի կողքի նկարն է կը պատկանի ֆրանսացի հանրածանօթ լուսանկարիչ Հանրի Քարթիէ Պրըսոնի (1908-2004), որ կը նկատուի «Ֆօթորեփորթաժ»-ի հայրը: Անոր ոսպնեակին իւրայատուկ նկարներէն մէկն է, Սեւանի ափին, 1972 թուականին առնուած այս ակնթարթը: Ակնթարթ մը, զոր ընբոշխնելու համար կարելի է ժամեր տրամադրել:

