«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Սահմանի Բացման Տնտեսական Հեռանկարները
Հինգշաբթի, 1 մայիսի մեր թիւով լոյս ընծայեցինք Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարի հարցազրոյցին առաջին մասը` Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի հետ կատարուած: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկրորդ մասը:
Հ.- Արդեօք Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացումը կրնա՞յ նուազեցնել Հայաստանի տնտեսական կախեալութիւնը Ռուսիայէն կամ Վրաստանէն:
Յ. Թ.– Իւրաքանչիւր նոր դուռ կը նշանակէ հին կապուածութեան նուազում` ասիկա քանի մը իմաստներով: Մենք գիտենք, որ տնտեսական ներդրումը այսօր հիմնականին մէջ Ռուսիոյ կողմէ կը կատարուի Հայաստանի հետ, Հայաստանը սեփականացնելով, Ռուսիան գնելով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տնտեսական միջոցները: Եթէ այլ գործօններ մտնեն` եւրոպական, ամերիկեան եւ այլն, այս կախեալութիւնը կը նուազի: Չեմ գիտեր, թէ Թուրքիան որքա՞ն հետաքրքրուած է ասով կամ մենք որքա՞ն կ՛ուզենք, որ այդ տեսակ գործօն մտնէ Հայաստանի մէջ, բայց այդ տեսակ գործօնի մը յառաջացումը կը նշանակէ Ռուսիոյ հետ կախեալ վիճակի նուազեցում: Կախեալ վիճակ մը, որ կ’ենթադրեմ միայն տնտեսական չէ, որովհետեւ Հայաստան տակաւին կայացած չէ, իսկ կախեալ վիճակի նուազումը կ’ենթադրէ կայացած պետութիւն, ուժեղ պետութիւն, յուսանք, որ շատ չուշանար այդ ուժեղ պետութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ:
Հ.- Իսկ ճամբու եւ փոխադրութեան գծով ի՞նչ կրնանք ըսել: Արդեօք առաւելութիւններ կրնա՞նք արձանագրել այս գծով, այսինքն ունինք Տրապիզոնի նաւահանգիստի հարցը, զբօսաշրջիկներու հարցը, նաեւ սահմաններու բացումը կը նշանակէ, որ Եւրոպային կը մօտենանք: Ի՞նչ են ասոր հետեւանքները:
Յ. Թ.- Սահմաններու բացման առնչուող լուծում ենթադրող քանի մը հարց կայ. մէկը այն է, որ Հայաստանի համար ներկայիս կայ ապրանքի շրջանառութեան միայն մէկ ճամբայ, որ նաեւ վտանգաւոր է, եւ փակուելու պարագային Հայաստանի պաշարման կ՛ենթարկուի: Ուստի երկրորդ ճամբայ ունենալը, Տրապիզոն կամ այլ, նոր կարելիութեան դուռ կը բանայ, կախեալութեան վիճակը եւ անկէ բխող նիւթական պարտաւորութիւնները կը թեթեւնան: Այսօր Վրաստան լաւապէս կը գիտակցի, որ Հայաստան այլընտրանք չունի, կախեալ է իրմէ, այդ պատճառով ալ տարանցիկ շատ բարձր տուրքեր ճշդած է, կարելի է ըսել, որ ուրիշ որեւէ երկրէ աւելի բարձր: Բայց եւ այնպէս Հայաստան ստիպուած է վճարել, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ Հայաստանի մէջ ներածուած ապրանքին գինը աւելի բարձր ըլլայ, քան ուրիշ որեւէ տեղ: Երկրորդ հարցը առնչուած է զբօսաշրջութեան, սահմաններու բաց ըլլալու պարագային եւրոպացին աւելի պիտի քաջալերուի, որովհետեւ եւրոպացիները կը սիրեն քանի մը տեղ այցելել միանգամայն, այսպիսով Թուրքիայէն Հայաստան կրնան գալ կամ հակառակը: Հոս կայ նաեւ թուրքերու Հայաստան գալը, որ այդքան ալ փափաքելի կրնայ չըլլալ: Երրորդ հարցը աւելի կարճ եւ ուղիղ ճամբու առկայութիւնն է, որ նաեւ ինքնաբերաբար ծախսերու նուազում կ՛ենթադրէ, հայ առեւտրականը աւելի մատչելի ուղի կ՛ունենայ:
Տնտեսական առումով այս հարցերը դիւրութիւններ կրնան բերել, սակայն պէտք չէ մոռնալ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեան պարագան. երբ գործառնութիւնները դիւրանան, յարաբերութիւնները բնականոն պիտի նկատուին, Թուրքիան պիտի օգտուի, սակայն ոչ Հայաստանը, որովհետեւ Թուրքիայէն աժան գինով արտադրութիւն պիտի բերուի Հայաստան, ուր աւելի դժուար իրականանալի պիտի ըլլայ տնտեսական հզօր ու անկախ ենթակառոյց ստեղծելը:
Հ.- Թուրքիան կրնա՞յ բանալ սահման մը, որ ինքն իսկ չի ճանչնար:
Յ. Թ.– Թուրքիոյ պարագային սահման չճանչնալու հարց չկայ: Թուրքիան մեզմէ կը պահանջէ, որ պատերազմի իբրեւ արդիւնք հաստատուած եւ թուրք ու Խորհրդային Միութիւն համաձայնութեամբ ստեղծուած այդ սահմանը ճանչնանք: Իրեն համար շատ ձեռնտու է, որ այսօրուան սահմանները ճանչցուին, ինք կը բաւարարուի Հայաստանի այն մասով, զոր գրաւեր է: Հայութիւնը կղզիացած պահելու այսօրուան վիճակը զինք չի մտահոգեր, ընդհակառակը կը հանգստացնէ: Հետեւաբար ինք հարց չունի սահմաններու գծով, իրեն համար շատ լաւ է, որ փոխադարձ ճանաչում ըլլայ սահմաններու, որովհետեւ ինք կ՛ուզէ, որ այդ սահմանները ճանչցուին, մենք ենք, որ չենք ուզեր, պէտք չէ, որ ընդունինք: Այս գծով է, որ արձանագրութիւններու առաջին եւ հիմնական հարցը ծնունդ առաւ, այն, որ որ մենք կը մերժենք Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներու պարտադրանքը հայ ժողովուրդին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր ազատ կամքով ընտրուած իշխանութիւններով չէ, որ այդ մէկը կատարեց: Մէկը` օտար պետութիւններու կամ այս պարագային Խորհրդային պետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած համաձայնութիւն է, միւսը` Խորհրդային Հայաստանի պարտադրուած մէկ ստորագրութիւն է, հետեւաբար ասիկա չի նշանակեր, որ Թուրքիան չ՛ուզեր այս սահմանը: Թուրքիան ուրիշ հարց ունի Ղարաբաղի գծով, Հայաստանը աւելի կղզիացած եւ աւելի սեղմուած պահելու օրակարգ ունի, որպէսզի անձնատուր ըլլայ թրքական իշխանութիւններու կամքին եւ պահանջներ չունենայ: Ատոր համար ինք պահանջ ունի Ղարաբաղի գծով, որ սահմանը վերահաստատուի հոն, ուր էր Խորհրդային Միութեան ժամանակ. այսինքն` Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի սահմանը: Թուրքիոյ համար շատ ձեռնտու է ներկայի սահմանը, մենք է, որ այդ սահմանները կը մերժենք եւ պէտք է շարունակենք մերժել:
Հ.- Ի՞նչ է ներկայ կարգավիճակը, ի՞նչ է սփիւռքի դերակատարութիւնը այս գծով, ընդհանուր առմամբ աշխատանք կը տարուի՞:
Յ. Թ.– Հայաստանի համար հիմնական հարց չկայ, ան կ՛ուզէ, որ սահմանները բացուին եւ կղզիացած վիճակէն ու մէկ ճանապարհի պարտադրած կացութենէն դուրս ելլէ: Հայաստանի ժողովուրդին համար այդ մէկը կը նշանակէ որոշ հանգստութիւն: Պաշարուած զգալը բաւական դժուար վիճակ է, իսկ Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալը կը նշանակէ, այդ վիճակէն դուրս գալ: Կայ նաեւ այն, որ Հայաստանի ժողովուրդին համար անհրաժեշտ կարիքներու ապահովման խնդիրը կայ, որ վերջաւորութեան Թուրքիայէն կ՛ապահովէ: Եթէ այդպէս է, ուրեմն բաց սահմանները շատ աւելի դիւրին եւ մատչելի պիտի դարձնեն ամէն ինչ: Սփիւռքի հայութիւնը ուրիշ ձեւով չի կրնար տրամաբանել հարցը: Այն, ինչ որ Հայաստանի ժողովուրդին համար լաւ է, մենք հակառակը չենք կրնար պահանջել, որովհետեւ մէկ ժողովուրդի երկու հատուածներն ենք: Իր լաւը մեր ալ լաւն է, մեր լաւը իր ալ լաւն է, հետեւաբար այն, ինչ որ կը դժուարացնէ իր կեանքը, մեզի համար ընդունելի պիտի չըլլայ եւ այն, ինչ որ կը դիւրացնէ իր կեանքը, մեզի համար հասկնալի պէտք է ըլլայ: Կրնայ ըլլալ, որ մենք աւելին պահանջենք, բայց ուրիշ բան է ապրիլ պետութեան ծիրին մէջ եւ պետական հասկացողութեամբ գործել, ուրիշ բան է ըլլալ սփիւռքի մէջ եւ սկզբունքային պահանջներ ներկայացնել: Այս չի նշանակեր, որ այս կամ միւսը սխալ է, այլ շատ բնական վիճակ է: Մենք կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ եւ մեզի համար առաւելագոյն պահանջներ դնելը բնական է, որովհետեւ երբեք կախեալ չենք Թուրքիոյ հետ այդ սահմաններու բացուելէն, բայց Հայաստանի ժողովուրդը կը կարծէ, թէ այդ սահմաններու բացումը կը դիւրացնէ իր կեանքը: Եթէ կը կարծէ, կա՛մ պէտք է համոզենք, որ սխալ է իր կարծածը` համապատասխան փաստերով, կամ այն է, թէ պէտք է ըմբռնենք, որ եթէ իր կարծածը ճիշդ է, ուրեմն պէտք է որոշ զիջում կատարուի, որպէսզի այդ ժողովուրդը կարենայ վերականգնիլ, կարենայ իր հզօրութիւնը գտնել: Այս նրբութեամբ պէտք է դիտել հարցերը: Չի բաւեր դատապարտել: Յաճախ կը լսենք, որ սփիւռքահայեր Հայաստանի մէջ կ՛այպանեն տեղացիները, որ թրքական ապրանք կը ներածեն կամ կը գնեն: Ճիշդ է, որ մենք դէմ ենք թրքականին, բայց մենք այլընտրանք ունինք, սակայն եթէ Հայաստանի պարագային այդ հնարաւորութիւնը դժուար է ստեղծել, մենք պէտք է, որ հայաստանցի ժողովուրդին կամքը յարգենք` միշտ ալ ջանալով փոխել վիճակը: Այն օրը, որ Հայաստան արտադրող կը դառնայ, թրքական ապրանքի կարիք չունենար, եւ եթէ այդպէս դառնայ կը կարծեմ, թէ մենք կ՛ունենանք յաջողութիւն, իսկ եթէ չդառնայ կը նշանակէ, որ պիտի շարունակէ ընել այն, ինչ որ կ՛ընէ 20 տարիէ ի վեր` ուղղակի կամ անուղղակի ճամբաներով պիտի փորձէ ապրանք բերել սպառման համար, իսկ եթէ ամէնէն յարմար գինով եւ մօտիկ աղբիւրը Թուրքիան է, հետեւաբար մենք քարոզ տալէն աւելի պէտք է, որ ճիգ թափենք, որպէսզի Հայաստանի մէջ կայանայ տնտեսական ենթակառոյց:
Սփիւռքը պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանի. այսօր սփիւռքի մէջ կան գործարարներ, որոնք հազարաւոր անձերու գործ կը հայթայթեն, անոնք պէտք է Հայաստանի մէջ եւս գործ հաստատելու նախաձեռնութիւն կատարեն: Միայն Հայաստանի մեր հայրենակիցները մեղադրելը ճիշդ չէ, այսօր հայրենիքի մէջ ապրող մեր ժողովուրդը տնտեսական, նիւթական, ընկերային իմաստով այնքան ծանր կացութեան մէջ է, որ աժան եւ դիւրին լուծումներ կը փնտռէ: Կը կրկնեմ. սփիւռքի աչքով դիտուած ասիկա ընդունելի կրնայ չըլլալ, բայց մեղադրանքով գործելը շատ վտանգաւոր է, հայութեան երկու հատուածները միաւորուած, իրարմով հզօր, իրարու զօրակից դարձնելու ազդակը պէտք չէ որեւէ պատճառով տկարացնել:
Միայն խորհուրդ տալը բաւարար չէ, հարց չի լուծեր, պէտք է մենք ալ մտածենք լուծման մասին: Հայաստանի մէջ պէտք է ստեղծել այդ մանր, միջին տնտեսական, արտադրական միջոցները, որոնք հայ մարդուն գործ պիտի ապահովեն, հարստութիւն պիտի ստեղծեն, իրեն ամէնօրեայ սպառման միջոցները պիտի հայթայթեն, եւ հայ մարդը պիտի դարձնեն նուազ կախեալ թրքական ապրանքէն, այնտեղէն ներածուած ապրանքէն, որ ոչ մէկ հայ հաճոյքով պիտի ուզէ գնել:
Հ.- Սահմաններու բացումը ի՞նչ ազդեցութիւն եւ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայ դատին եւ մեր հողային պահանջատիրութեան վրայ:
Յ. Թ.– Հոգեբանական տուեալէն անկախ, որ այս պարագային հայերու եւ թուրքերու միջեւ բնականոն յարաբերութեան զարգացումն է, քաղաքական ոչ մէկ նշանակութիւն ունի սահման բանալը` ո՛չ Հայ դատի, ո՛չ պահանջատիրութեան, ո՛չ ալ Հայաստանի քաղաքական ենթակայութեան իմաստով: Սահմանը բանալը չի նշանակեր սահմանը ճանչնալ, բայց Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ նման քաղաքական պարտադրանքներ կան, ատոր համար ալ անոնք վտանգաւոր եւ մերժելի են: Յարաբերութեան մշակման առնչութեամբ մտահոգութիւնը այն է, որ բաց սահմաններու իմաստով երբ կապերը աւելի յաճախակի կերպով կը հաստատուին, հայ մարդը կրնայ աւելի մեղմ աչքով նայիլ թուրքին, թերեւս անցեալը շրջանցելու մասին սկսի մտածել եւ այլն:
Հ.- Նոյնիսկ երկար ժամանակաշրջանի՞ վրայ:
Յ. Թ.– Քաղաքական համաձայնութիւնը այսօր արձանագրութիւններն են, որոնք պէտք է վերանան: Եթէ քաղաքական համաձայնութիւն չկայ, սահմանը պարզ երթալ գալու սահման է, որ որեւէ երկու երկիրներուն մէջ կ՛ըլլայ, նոյնիսկ իրարու թշնամի երկիրներու պարագային: Այսօր Թուրքիան աւելի խստութիւն կը բանեցնէ այլ առաջադրանքներով, ոչ թէ Հայաստանը ստիպելու, որ քիչ մը աւելի վճարէ իր ապրանքը գնելու, ինք կրնայ շատ դիւրաւ հրաժարիլ այդ ապրանքէն, բայց ինք չի կրնար հրաժարիլ միւսէն, որ Հայաստանի կոկորդէն բռնելու միջոց է, որպէսզի ստիպէ Հայաստանը` արձանագրութիւնները ընդունելու:
Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Հայաստան երբեք այդ պարտադրանքին առջեւ չգտնուի, այսինքն` ընդունիլ սահմանը եւ Ցեղասպանութեան հարցը քննութեան, վիճարկումի ենթակայ դարձնել, ինչ, որ շատ վտանգաւոր է, երբ արդէն ամէն մարդ յստակ գիտէ, որ Ցեղասպանութիւն է եղածը: Հիմա հարցը հոն չէ, որ թուրքերը կ՛ըսեն քննենք կատարուածը պատմագէտներուն կողմէ, այլ ասիկա պարզապէս հարցը թաղելու միջոց է, որպէսզի մարդիկ այդ գծով այլեւս ելոյթ չունենան, մարդիկ այդ հարցէն մեկնած պահանջքներ չդնեն, եւ հայութիւնը սկսի այդ վազքին մէջ մտնել, որ կա՞յ Ցեղասպանութիւն, թէ՞ չկայ` պատմագէտը կ՛ըսէ այո կամ ոչ: Մենք այս հեւքէն դուրս պէտք է պահենք մենք մեզ, ատիկա քաղաքական պարտադրանք է:
Թուրքիոյ համար ամէնէն ձեռնտու վիճակն է ատիկա: Այնքան ատեն որ Հայաստան ներկայ սահմանները չէ ճանչցած` կը նշանակէ պահանջատիրութիւն կայ: Այս սահմանները պէտք է վերստին գծուին: Թուրքիան շատ դժուար կրնայ ընդունիլ այդ մէկը, բացի եթէ քաղաքական կամ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն յառաջանայ, այսինքն ուժերու հաւասարակշռութիւնը կրնայ փոխուիլ, եթէ Հայաստան հզօրանայ այնքան մը, եւ Թուրքիան տկարանայ այնքան մը, որ այդ սահմանները փոփոխութեան ենթարկուին: Տկարութիւնը անպայման զինուորական պարտութիւն չէ, ներքին պայթում, ներքին բաժանում, արտաքին պարտադրանք կրնայ ըլլալ:
Մենք երբեք պէտք չէ յուսահատինք, այլ առաւելագոյնը պէտք է ընենք, որպէսզի կուտակենք այդ ուժը, որ հաւասարակշռութեան վրայ ազդէ, բայց նաեւ արտաքին եւ այլ ազդակներ պիտի աշխատին, եւ մենք ճիշդ պահուն պիտի կարենանք ներգործել, որպէսզի հաւասարակշռութիւնը փոխենք: Հայաստան մնայուն այս ճիգին մէջ պէտք է ըլլայ, իսկ այդ արձանագրութիւնները կամ այդ քաղաքական հետեւանքները այս ճիգը կը խափանեն կամ ոչինչի կը բերեն: Մենք այս տեսակ պայմաններ, քաղաքական պայմաններ մերժելու ընթացքի մէջ պէտք է շարունակենք մնալ եւ պէտք է հետամուտ ըլլանք, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն պարագայի հրաժարին այն ստորագրութենէն, որ դրուած է այս խնդրայարոյց արձանագրութեան տակ:
(Շար. 2 եւ վերջ)

