Ֆութսալ. Ասիա-2014-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Յաղթեց Թայփէի` 8-5 Արդիւնքով

0304Futsal-AsiaՆախանցեալ օր Վիեթնամի մէջ սկսաւ Ասիա-2014-ի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 10 մայիս:

Լիբանանի ֆութսալի տղոց ազգային խումբը յաղթանակով սկսաւ այս մրցաշարքը, երբ 8-5 արդիւնքով յաղթեց Թայփէին (կիսախաղ` 4-2, ի նպաստ Լիբանանի):

Լիբանանէն երեք կոլի հեղինակ դարձաւ Մոհամետ Քպայսի:

Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով կէսօրուան ճիշդ ժամը 12:00-ին, Լիբանան կը մրցի Մալեզիոյ դէմ, որ իր կատարած առաջին մրցումին 7-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ասիոյ ախոյեան Թայլանտէն:

Share this Article
CATEGORIES