Ճատրակ. Միօրեայ Բաց Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Կազմակերպութեամբ
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ եւ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբի ընդհանուր պատասխանատու Հիւսէյն Համմուտ հաղորդեց, որ վաղը ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ բաց մրցաշարք մը` «Լիբանան – Ռուսիա բարեկամութեան մրցաշարք» անուան տակ:
Տեղի պիտի ունենան եօթը հանգրուանի մրցումներ:
Մրցաշարքին կազմակերպիչները մրցանակներէն եւ մետալներէն բացի այս տարի յատկացուցած են 600 ամերիկեան տոլարի գումար մը, որ պիտի տրամադրուի առաջինէն 5-րդ դիրքը գրաւողներուն` հետեւեալ ձեւով. 350 հազար լիբանանեան ոսկի, 250, 150, 100 եւ 50:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին սկսելիք այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ ակումբին մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան, «Ֆախրի» շէնք:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, պէտք է կապ հաստատեն Հիւսէյն Համմուտի հետ (03-771795):

