Անդրադարձ. Աղաւնի՞, Թէ՞ Ագռաւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` Թուրքիոյ պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը, որ ցաւակցութիւն կը յայտնէր «1915-ին մահացածներուն» թոռներուն: Այդ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք յայտնի դարձաւ, որ թրքական կողմը այդ ցաւակցութեան դիմաց հայկական կողմէն պատասխան քայլեր կ՛ակնկալէ: Էրտողանի յայտարարութիւնը անբաւարար քայլ մըն էր, իսկ հայկական կողմէն պատասխան քայլերու սպասումը` անտեղի:
1 մայիսին պոլսահայ համայնքէն պատուիրակութիւն մը Էրտողանի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու: Վերջիններուս մասնակցութիւնը քարոզչական նպատակ կը հետապնդէ եւ կու գայ ամբողջացնելու 23 ապրիլի յայտարարութեան «պատգամ»-ը, որ նախ եւ առաջ միջազգային ընտանիքին ուղղուած է եւ 2015-ի ժամկէտին պատճառած մտատանջութենէն դրդուած:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան Էրտողանը նմանցուց Նոյ նահապետի ուղարկած աղաւնիին եւ անոր պատգամը` ձիթենիի ճիւղի: Իրականութեան մէջ Էրտողան առայժմ աւելի նման է Նոյ նահապետին ուղարկած ագռաւին, քան` աղաւնիին, որովհետեւ տակաւին հայ ժողովուրդին շօշափելի որեւէ բան չէ բերած: Աւելի՛ն, այդ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած: Ինչ որ նման է կռնչիւնի եւ ոչ թէ մնչիւնի:
Նոյի նման մեզ ալ հետաքրքրողը թռչնազգիին թռիչքը չէ, այլ` անոր վերադարձն ու մանաւանդ իրեն հետ բերածը: 23 ապրիլի յայտարարութեամբ թռիչք առնելով` այդ թռչունը պարզապէս իր թեւատ մը չըլլալը փաստեց, կը մնայ տեսնել, թէ ագռա՞ւ է, թէ՞ աղաւնի:

