Խմբավարին Խօսքը. Յիշելով Զաքի Նասիֆը
Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբի տարեգրութիւնը, հակառակ շրջանին մէջ տիրող բարոյահոգեբանական տխուր եւ անորոշ վիճակին, նոր նուաճումներ արձանագրեց: Նախ Ս. Ծննդեան բազմալեզու համերգով մը մասնակցութիւն բերինք արդէն աւանդութիւն դարձած «Պէյրութ Չանթս» փառատօնին, եւ ահա, այսօր բեմ կը բարձրանանք մատուցելու մեր տարեկան համերգը:
Երգչախումբի 17-րդ օղակը իր բնոյթով իւրայատուկ է «Կարկաչ»-ին համար: Մեծանուն Զաքի Նասիֆի մահուան տասնամեակին առիթով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին կազմակերպած փառատօնի հրաւէրին ընդառաջեցինք մեծագոյն սիրով, խանդավառութեամբ ու խոր յարգանքով` մեծարեալին նկատմամբ, մասնաւորաբար այն պատճառով, որ Զաքի Նասիֆ իր ներկայութեամբ քանի անգամ քաջալերած է նոյն այս սրահին մէջ կայացած մեր հիմնադիր սերունդին համերգները: Եւ դեռ աւելի՛ն, ան նոյնիսկ ընկերակցած է մեզի մեր տարեկան պտոյտներուն: Պատահական չէ, որ իր անձին ու արժէքին նկատմամբ մեր ակնածանքը մեծ յանձնառութեան տակ կը դնէ մեզ` առաւել բծախնդրութեամբ պատրաստուած ըլլալու այս յոբելենական համերգին:
Անցնող ամիսներուն, երբ կը պրպտէի իր արխիւը` երգացանկը պատրաստելու, մշակումներն ու երգչախմբային պատշաճեցումները կատարելու համար, ի տես իր վիթխարի թողօնին, անգամ մը եւս մէջս արմատաւորուեցաւ այն մտածումը, որ Լիբանանը առաւել Լիբանան կը դառնայ մասնաւորաբար իր նմաններուն շնորհիւ: Լիբանանի վաւերական խորհրդանիշներէն մէկն է Զաքի Նասիֆ:
Ինք կ՛ապրի իր երգերուն մէջ ու կ՛ապրեցնէ ու կ՛ոգեշնչէ մեզի առաւել փարելու Լիբանանին ու չկորսնցնելու անոր վաղուան օրուան նկատմամբ մեր հաւատքն ու յանձնառութիւնը:
Ունկնդրելով իր երգերը, ինքնաբերաբար կը լեցուիս բարութեամբ, լաւատեսութեամբ, պայծառութեամբ, ինքնավստահութեամբ, հայրենասիրութեամբ, բնապաշտութեամբ, եւ միայն դրական լիցքեր կը պարուրեն հոգեմտաւոր ներաշխարհդ: Ահաւասիկ ա՛յս է գաղտնիքը իր ինքնատիպ գոյութեան: Իր երգերէն քանի մը տասնեակներ արդէն իսկ արժանացած են դասականացման երանութեան:
Կրկին անգամ մեր երախտիքը արտայայտելով իր վաստակին ու յիշատակին առջեւ, շնորհակալութեան խօսք ունինք Պէյրութի «Զաքի Նասիֆ» հիմնադրամին, դոկտ. Նեպիլ Նասիֆին, Էլիան Սաատին եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին եւ իրագործեցին այս յիշարժան փառատօնը:
Այս տարի ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ նաեւ յայտագիրին մասնակցութիւնը նորակազմ «Այատինա» երգչախումբին` խորապէս հաւատալով այս կազմակերպութեան առաքելութեան նուիրուած մարդոց մարդասիրական գործին:
Ես խորապէս կը հաւատամ խաղաղութեան եւ դրական տրամադրութիւններու ստեղծման մէջ մանուկներու ու պատանիներու երգին ստեղծած դերակատարութեան եւ վստահ եմ, որ բազմալեզու մեր յայտագիրը, դասականէն մինչեւ ժամանակակիցը, սիրելի Զաքի Նասիֆի երգերուն հետ շաղկապուած, նոր շնչառութիւն պիտի տայ իւրաքանչիւր ունկնդիրի:
Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

