Համազգայինի Պարարուեստի Միաւոր. «Քնար» Պարախումբը Բեմականացուց «Անուշ» Պարի Թատերական Ներկայացումը
Հինգշաբթի, 1 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի Պարարուեստի միաւորը հանրութեան ներկայացաւ «Անուշ» պարի թատերական բեմականացումով, կատարողութեամբ` «Քնար» պարախումբին, գեղարուեստական ղեկավար` Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Խաչիկեան, օգնական պարուսոյց` Կարիկ Խաչիկեան:
Աւելի քան 6 ամիսներու հետեւողական փորձերէ ետք «Քնար» պարախումբը բեմ բարձրացաւ գեղարուեստական բարձր որակով եւ հետաքրքրական այլազանութեամբ:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի գլուխ գործոց «Անուշ»-ը, որուն նիւթը սիրային ողբերգութիւն մըն է, հերոսներն են` Անուշը, անոր սիրահարը` Սարոն եւ եղբայրը` Մոսինը: Երեքն ալ զոհեր են իրենց գաւառական միջավայրի աւանդութեան, նեղմտութիւններուն եւ ընդհանուր մթնոլորտին:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ներկայացուեցան «Բերդ», «Կապոյտ թռչուն», «Ռուսական», «Մոլտաւիական», «Յունական», «Վրացական», «Ղարաբաղ», «Մախմուր աղջիկ» պարերը, իսկ Յակոբ Քելուկեան տուտուկի վրայ նուագեց «Ալվան վարդեր» եւ «Տուտուկ» նուագները:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները, ղեկավարութեամբ` Պետրոս Անահիտ Կարապետեաններու: Անոնք ներկայացուցին «Սարի ճամբով», «Մենք ենք» եւ «Վարդագոյն աղջիկներ»:
Յայտնենք, որ «Քնար» պարախումբի ելոյթները կը շարունակուին այսօր` շաբաթ, 3 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին եւ վաղը` կիրակի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն վայրին մէջ:

