Պաղտատի «Գոյամարտ»-ի Հաւաքածոն Հասած Է «Ազդակ» Եւ Շուտով Կը Թուայնացուի
Որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, Պաղտատի մեր ազգայինները յաջողեցան 8 նոյեմբեր 1948-էն սկսեալ լոյս տեսած «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի ամբողջական հաւաքածոն, բնագրային վիճակով, հասցնել «Ազդակ»: Ցաւօք, ժամանակի մաշումի գործօնը իր հետքը ձգած է առաջին թիւերուն վրայ, այսուհանդերձ կարելի պիտի ըլլայ փրկել համարները, նկարահանել եւ թուայնացնել զանոնք: «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան ուղղուած իր նամակին մէջ «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոյին ճակատագիրով մտահոգ մեր ընկերը կը գրէր. «Շատ ուրախ եմ, որ «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոն փրկուեցաւ: Թէեւ թերթը բաւական յոգնած վիճակի մէջ է, սակայն կարեւորը այն է, որ փրկուեցաւ:
«Գոյամարտ» շաբաթաթերթը Պաղտատի մէջ կը սկսի հրատարակուիլ 8 նոյեմբեր 1948-ին: Հիմնադիրներն են` Արամ Տիւզեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Լեւոն Գարմէն (Ստեփանեան), Մարգար Սօսոյեան, Յակոբ Տէր Ներսէսեան (հրատարակուած է Իրաքի օրուան Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով):
Թերթին արտօնատէրն ու պատասխանատուն է Արամ Տիւզեան: Խմբագիրներն են` տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ Լեւոն Գարմէն: Շատ լայն շրջանակի աշխատակիցներ ունեցած է` Յակոբ Իրազեկ, Հայկ Օհանեան, տոքթ. Գ. Ասթարճեան, Տ. Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեան, տոքթ. Գուրգէն Փափազեան, Գալուստ Սիւրմէնեան, Մարգար Սօսոյեան, Հ. Իզմիրլեան, Դաւիթ Թադէոսեան եւ այլն:
Թերթը կը փակուի 26 օգոստոս 1954-ին` կառավարական հրամանով (պատճառը այն էր, որ Իրաք հիմնադիրներէն էր «Պաղտատի ուխտ»-ին, որուն հիմնադիրներէն էր նաեւ Թուրքիան):
1958-ին վերստին կը սկսի հրատարակուիլ «Գոյամարտ»-ը, այս անգամ արտօնատէրն էր Նիկողոս Ալեքսանդրեան, իսկ խմբագիրներն էին Լեւոն Գարմէն եւ տոքթ. Բ. Փափազեան: Դժբախտաբար երկար կեանք չունեցաւ եւ վերջնականապէս փակուեցաւ նոյն տարուան օգոստոսին»:
Յառաջիկայ ամիս «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ կեդրոնին մէջ կը ձեռնարկուի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքին:

