Հալէպի Մէջ Դարձեալ Ծանր Վիճակ. Ռմբակոծումներու Պատճառով Վիրաւորներ Կ՛արձանագրուին
Հալէպի տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 1 մայիսի երեկոյեան Հալէպի Սուլէյմանիյէ թաղամասը հրասանդէ արձակուած հրթիռներու թիրախ դարձած է: Երկու հրասանդ ինկած է մարդաշատ Քելլես թաղամասին մէջ: Վիրաւորներու շարքին են երեք հայեր: Կարպիս Կապայեան վիրաւորուած է գլուխէն, Րաֆֆի Պալեան թեթեւ վէրքեր ստացած է ոտքէն, իսկ անոր որդին` Կարօ Պալեան, բաւական ծանր վէրքեր ստացած է:
Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուած են հիւանդանոց, եւ անոնց անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է: Աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ 30 ապրիլին դարձեալ ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած է Գրիգոր Ալքճեան:
Բացի ատկէ, տեղեկութիւններ կան նաեւ, որ Հալէպի մէջ արդէն 30 ժամէ ի վեր ելեկտրականութիւն չկայ, որուն պատճառով քաղաքին մէջ վերսկսած է ջուրի տագնապը:
Միւս կողմէ, Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, որ երէկ` ուրբաթ, 2 մայիս 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Հալէպի Վիլլաներ եւ Շէյխ Թահա շրջաններուն մէջ երկու հրասանդերու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: Հրշէջներ փութացին մարել պայթումին պատճառով բռնկած հրդեհ մը, իսկ շրջանի բնակիչները վիրաւորները անմիջապէս փոխադրեցին հիւանդանոց:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Վիլլաներու, Ազիզէի եւ Նոր Գիւղի շրջաններուն մէջ հրասանդներ եւ կազի շիշեր տեղացին:
Անոնցմէ մէկը ինկաւ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան դիմացը գտնուող շէնքին վրայ, երկու քաղաքացիներ վիրաւորուեցան եւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան:
Գրեթէ նոյն ժամերուն Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» պարտէզին մէջ ինկաւ կազի շիշ մը, որուն պատճառով բարեբախտաբար թեթեւօրէն վիրաւորուեցան Բենօ Փիլաւճեանն ու Լեւոն Յովհաննէսեան:

