«Էրտողանի Յայտարարութեան Ի Պատասխան` Հայաստանէն Քայլեր Կ՛ակնկալենք» Կ՛ըսէ Աթալայ

Պեշիր Աթալայ

Պեշիր Աթալայ

Թրքական «Սոնթիվի» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ յայտարարած է, որ Էրտողանի` 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ ցաւակցական ուղերձէն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Երեւանէն եւ միջազգային ընտանիքէն աջակցութիւն կ՛ակնկալեն:

Աթալայ Ուաշինկթընի մէջ նշած է, որ Էրտողան շատ կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է. փոխվարչապետը խօսած է նաեւ 1915-ի դէպքերու 100-ամեակին նախօրեակին Թուրքիոյ կատարած քայլերուն մասին: «Թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, թէ՛ միջազգային ընտանիքէն, թէ՛ Հայաստանէն ու հայկական սփիւռքէն այդ ուղերձին պատասխանը կ՛ակնկալենք: Այդ հարցերու լուծման ուղղութեամբ մենք յայտարարութեան եւ քայլերու կը սպասենք: Մենք ատիկա կարեւոր կը նկատենք եւ այդ ուղղութեամբ աւելի կարեւոր քայլեր պիտի ընենք», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 30 ապրիլին Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով այս մասին հարցումին նշած է. «Գիտենք, որ այսօր որքան մեծ թիւով հրեաներ կ՛ապրին Գերմանիոյ մէջ, սակայն չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը կը յանդգնի հարցականի տակ դնել Ողջակիզումը: Թուրքիան ճիշդ պիտի ընէր հետեւելով Գերմանիոյ օրինակին` ճանչնար, դատապարտէր եւ ներողութիւն խնդրէր: (…) 99 տարի ետք հայ ժողովուրդը միջազգային ընտանիքին հետ կը պայքարի, որ մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ չկրկնուին, եւ Թուրքիայէն քաղաքակիրթ քայլերու կը սպասէ»:

Միւս կողմէ, թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ 1 մայիսին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ` նախագահութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի: Ժողովի օրակարգին վրայ եղած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ հետագայ քաղաքականութիւնը:

Նիստի ընթացքին նաեւ քննարկուած են ներքին եւ արտաքին զարգացումներ, Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու անդամներուն դէմ մահապատիժի դատավճիռը, Սուրիոյ վիճակը, ինչպէս նաեւ Կիւլենի հարցը: Քննարկուած են նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES