Էրտողան Հանդիպում Ունեցաւ Պոլսահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աթեշեան սրբազանը եւ Էրտողան
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդունած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանն ու հայ համայնքի այլ ներկայացուցիչները:
1.5 ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած են Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, Ս. Փրկիչ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան դպրոցի կառավարման խորհուրդի ղեկավար Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ ուրիշներ:
Աթեշեան արքեպիսկոպոսը հանդիպումէն ետք զրուցած է լրագրողներուն հետ: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ աշխարհագրական տարածքը յոգնած է ցաւ տեսնելէ: «Ոչ ոք կրնայ հերքել, որ տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու զաւակներ կորսնցուցին իրենց մայրերը, հայրերը, զաւակները եւ քոյր-եղբայրները: Այս հողերը կշտացած են արիւնէն: Այդ ամէնը այս երկրին մէջ տեղի ունեցած է: Այժմ կարծես դիակ մը կայ, որ սկսած է հոտիլ, եւ բոլորին անհանգստութիւն կը պատճառէ այդ հոտը: Երկու հասարակութիւնները պէտք է կողք-կողքի գան: Ինչ աղօթք, որ պէտք է, թող կարդան, սակայն այդ դիակը, քանի տակաւին չէ սկսած քայքայուիլ, պէտք է թաղեն», ըսած է ան:
Ան անդրադարձած է Էրտողանի յայտարարութեան` հայերու ցաւը կիսելու վերաբերեալ: Սրբազանը Էրտողանը համեմատած է Նոյ նահապետի ուղարկած աղաւնիին հետ, որ ձիթենիի ճիւղ բերած է: «Մենք չենք ուզեր, որ այդ ճիւղը չորնայ: Մենք կ՛ուզենք զայն տնկել եւ պտուղները տեսնել: Մենք կը կարօտնանք այն օրերը, երբ երկու ժողովուրդները կ՛ապրէին կողք- կողքի` բարեկամաբար», ըսած է ան:
Աթեշեան մաղթած է, որ Էրտողանի «պատգամ»-ը եւ իրենց այցելութիւնը դէպի ապագայ կառուցուելիք կամուրջի հիմքը պիտի դառնան:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ սրբազանը յայտնած է, որ «բարեկամութեան համար ինչ որ պէտք ըլլայ, այդ գծով երկու կողմերն ալ զոհողութիւններ պիտի կատարեն: Չեմ գիտեր ինչ պիտի պատահի: Եթէ կ՛ուզես բարեկամ ըլլալ, բարեկամ ըլլալը այդ անձին միայն «կը սիրեմ քեզ» ըսել չէ: Ատիկա սէր չէ, սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ: Երկու կողմերն ալ զոհողութիւններ պիտի կատարեն, որպէսզի բարեկամութեան կամուրջ մը կառուցուի»:
Ան Էրտողանի ցաւակցական պատգամը «ջրբաժան» մը նկատած է: «Կը հաւատամ, որ մեր պատուարժան վարչապետին կողմէ նախաձեռնուած այս առաջին քայլը մեր համայնքին մեծամասնութեան կողմէ գնահատանքի արժանացած է: Իբրեւ պատրիարքութիւն, մենք եւս զայն կը գնահատենք», աւելցուցած է սրբազանը:
Աթեշեան սրբազանը նշած է, որ հանդիպումէն դուրս եկած է ուրախութեան զգացումով եւ ապագային համար յոյսով:

