Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչման Բանաձեւը
Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանի կանոնադրութեան յանձնախումբը 5 մայիսին պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման «Էյ.Ճի.Ար. 32» բանաձեւը: Վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի կայքը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ Քալիֆորնիա պաշտօնական դիրքորոշում կ՛արտայայտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան վերաբերեալ: Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան կայացման:
«Էյ.Ճի.Ար. 32» բանաձեւի նախագիծը ներկայացուցած է Լոս Անճելըսէն ընտրուած դեմոկրատական խորհրդարանական, նահանգային խորհրդարանի յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ Մայք Կաթոն: Հաստատուելու պարագային ատիկա պիտի ներկայացուի նահանգի խորհրդարանի լիագումար նիստի քննարկումին եւ հաստատումին: Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Քալիֆորնիոյ հայութեան դիմելու իրենց շրջանները ներկայացնող քոնկրեսականներուն` յորդորելով թեր քուէարկել բանաձեւի ընդունման:
Քալիֆորնիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն քաղաքներէն Լոս Անճելըսի խորհուրդը 2014 թուականի սկիզբը ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: Իսկ 2013-ի աշնան Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչցաւ նոյն նահանգի Հայլենտ քաղաքը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւեր ընդունած են ամերիկեան Ռոտ Այլընտ, Մէյն եւ Լուիզիանա նահանգները:

