Ըստ Շաւարշ Քոչարեանի. Պաքու Կը Փորձէ Շանթաժի Ենթարկել Միջնորդները
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ մեկնաբանելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի յայտարարութիւնը, News.am-ին ըսած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի դէմ Ազիմովի քննադատութիւնը «Պաքուի հերթական փորձառութիւնը շանթաժի ենթարկելու համանախագահները եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծումը խոչընդոտելու իր պատասխանատուութիւնը անոնց վրայ բարդելու»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի տեղակալը ընդգծեց, որ Ազրպէյճան շարունակական քննադատութիւններ կ՛ուղղէ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հասցէին` ապարդիւն կերպով փորձելով վերջիններուս աջակցութիւնը կորզել իր ապակառուցողական դիրքորոշումին նկատմամբ:
Նշենք, որ Ազիմով նախանցեալ օր քննադատած էր Ուորլիքը` հաւանական նկատելով, որ Պաքու Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն տուն կանչէ զինք:

