ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Պաքուի Մէջ Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնահարցը

Տիտիէ Պուրքհալթեր

Տիտիէ Պուրքհալթեր

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Փասքալ Օպիշեր ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերի Ազրպէյճան կատարելիք այցելութեան ընթացքին քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:

Այսօր ընթացք առնելիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Պուրքհալթեր հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:

Ղարաբաղեան տագնապի լուծումէն զատ կողմերը նաեւ պիտի քննարկեն Զուիցերիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, շրջանին ու Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES