Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պահանջած է նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարել` արգիլելու համար անիշխանութիւնը:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշ իր հրաժարականը ներկայացուց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց բազմաթիւ բերման գիրեր ստացած յանցագործ մը:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը Արեւմտեան Պեքաայի մէջ ձերբակալեցին սուրիական աւազակախումբ մը, որ շարք մը գողութիւններ կատարած էր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ իր կարծիքով, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն վարած ներկայ քաղաքականութեան պատճառով, նախագահական ընտրութիւնը սեպտեմբերէն առաջ պիտի չկատարուի:
ԿԸ նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յաջորդ 48 ժամուան ընթացքին այցելէ Սէուտական Արաբիա եւ հանդիպում մը ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ նախկին նախարար Ժան Օպէյտի նախագահական թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու ջանքեր կան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Դամասկոս կը խոչընդոտեն նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ անոնք տակաւին համաձայնութիւն մը չեն գոյացուցած, թէ իրենց յստակ թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աո՞ւնն է, թէ՞ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
ՇԷՅԽ Մահեր Ապտել Ռազզաք շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է վերջ տայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան զօրակցելուն` աւելցնելով, որ Ժահժահի թեկնածութեան զօրակցութիւնը ամօթ է:
«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն պահանջած է Մուսթաքպալ հոսանքի քրիստոնեաներուն հետ խորհրդակցիլ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի շահերուն համար ոչինչ ներկայացնելէ ետք Հըզպալլա կը պայքարի Թաէֆին դէմ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մրատ կոչ ուղղեց քաղաքական համախոհութիւն գոյացնելու` երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ժուզու ընդգծեց, որ կարելի չէ Թաէֆի համաձայնագիրը փոփոխութեան ենթարկել:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած նահանջին պատճառը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան դէմ գործուած յեղաշրջումն էր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը կարիքը ունի քաղաքական բոլոր ուժերուն զիջումին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Ռամի Ռայես յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան համար անհրաժեշտ է համաձայնութիւն մը գոյացնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը համոզելու, որ ան Ժահժահի թեկնածութիւնը որդեգրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին վարուելակերպը դժուարացուց երեսփոխան զօր. Միշել Աունը համախոհական թեկնածու նկատելու կարելիութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ շրջանային համաձայնութիւնները կրնան նախագահական ընտրութեան առումով վճռորոշ դերակատարութիւն ունենալ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գործակցիլ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ եւ յանձնառու մնալ իր խոստումներուն: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ խօսքի եւ տեղեկատուութեան մարզի ազատութիւնը, սակայն կ՛արգիլէ հետաքննութեան գաղտնիքներուն խզումն ու վկաներու անուններուն բացայայտումը:

