Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը Կը Մնայ Խորհրդակցութեան Առարկայ

Ռայի պատրիարքը եւ Հարիրի

Ռայի պատրիարքը եւ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չորեքշաբթի գիշեր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան շարք մը հարցեր, որոնցմէ գլխաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ անիշխանութիւնը` աւելցնելով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութեան ջանքերը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել:

Հարիրի նշեց, որ եթէ քաղաքական ուժերը համաձայն են, որ անիշխանութենէն խուսափին, ապա ոչինչ կ՛արգիլէ, որ Լիբանանը եւ լիբանանցիները անիշխանութեան առաջքը առնեն:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հոլլանտ Ժոմպլաթի հետ խօսելու ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ միջլիբանանեան փոխըմբռնումը:

 

Share this Article
CATEGORIES