Այն Թինէի Մէջ. Հէյլ. «Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Միայն Լիբանանցիներուն Իրաւունքն Է»

Հէյլ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտան:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ներքին լիբանանեան հարցեր կը նկատուին եւ լիբանանցիները միայն իրաւունք ունին ընտրելու իրենց ղեկավարները, որոնց շարքին` նաեւ հանրապետութեան նոր նախագահը:
Հէյլ յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային շարք մը հարցեր, որոնց լուծումները անհրաժեշտ են:
Հէյլ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ կը նկատեն Լիբանանի սահմանադրութեան գործադրութիւնը, այլ խօսքով` երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին նախագահի ընտրութիւնը: «Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մէջ մենք ոչ մէկ դերակատարութիւն ունինք, որովհետեւ անիկա միայն լիբանանցիներուն իրաւունքն է», ըսաւ ան:

