Կառավարութիւնը Նշանակեց Հինգ Նոր Նահանգապետեր

0304garavarԿառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման Սալամի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:

Ընդունելէ ետք Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշի հրաժարականը, կառավարութիւնը նշանակեց հինգ նոր նահանգապետեր, որոնք են. Զիատ Շպիպ` Պէյրութի նահանգապետ, Պաշիր Խտըր` Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ, Ֆուատ Ֆլէյֆել` Լեռնալիբանանի նահանգապետ, Ռամզի Նոհրա` հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ եւ Իմատ Լապաքի` Աքքարի նահանգապետ:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայացուց պահանջ մը` վերատեսութեան ենթարկելու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն Քարմա Խայեաթը եւ «Ախպար» օրաթերթէն Իպրահիմ Ամինը հարցաքննելու որոշումը:

Սակայն նախարարաց խորհուրդը այդ պահանջը չքննարկեց:

Կառավարութիւնը վաւերացուց Ժէլ Էլ Տիպի կամուրջը վերաշինելու նպատակով տրամադրուած գումարը, ինչպէս նաեւ կազմեց նախարարական յանձնախումբ մը` հետեւելու համար այդ թղթածրարին:

Յանձնախումբին նախագահն է փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, իսկ անդամները` նախարարներ Էլիաս Պու Սաապ եւ Ղազի Զաայթեր:

 

Share this Article
CATEGORIES